ՀԱՄԵՐԳԻ ՍԵՄԻՆ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Պատ­րիար­քա­կան  Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան հիւ­րըն­կա­լեց Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­ռա­սուն Ման­կանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի տնօ­րէն խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Երգ­չա­խում­բի պա­տա­նե­կան կազ­մի մօ­տա­լուտ հա­մերգ­նե­րուն ըն­դա­ռաջ խում­բը գլխա­ւո­րեց դպրաց դա­սու նա­խա­գահ Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հէր­կէ­լեան։ Խմբա­վար ու­րա­րա­կիր Հրանդ Չիզ­մէ­ճեան Նո­րին Սրբազ­նու­թեան բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ Պա­քըր­գիւ­ղի մէջ մա­տաղ սե­րուն­դէն դպիր­ներ հասց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ ձեռ­նար­կուած աշ­խա­տան­քին շուրջ, նաեւ անդ­րա­դար­ձաւ մօ­տա­լուտ հա­մեր­գի նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րուն։ Պա­քըր­գիւղ­ցի­նե­րը խնդրե­ցին նաեւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը ի­րենց ձեռ­նար­կին հա­մար։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց թէ՛ այս այ­ցե­լու­թեան եւ թէ՛ ի­րեն փո­խան­ցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ան օրհ­նեց հա­յա­հոծ Պա­քըր­գիւ­ղի Քա­ռա­սուն Ման­կանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ փո­խան­ցեց յա­ռա­ջի­կայ բո­լոր ծրագ­րե­րուն հա­մար։ 

Ուրբաթ, Մայիս 27, 2016