ԷՅՈՒՊԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները, որոնց հետ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։
Ատենապետ Արթօ Արման եւ իր ընկերները փափաքած էին Պատրիարքարան այցելել՝ ընդառաջ Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Յունիսի 19-ին։ Թաղականները կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռին հովանաւորութիւնը։ Զրոյցի տեւողութեան թաղային խորհուրդի անդամները Ընդհանուր Փոխանորդին բացատրութիւններ տուին իրենց տարած աշխատանքին շուրջ։
Իր կարգին, Նորին Սրբազնութիւնը սիրով ընդառաջեց խնդրանքին եւ օրհնելով Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ տարուած աշխատանքը՝ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։