ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը յանձ­նուե­ցան Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի 2015 թուա­կա­նի մրցա­նակ­նե­րը։ Նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը։ «Ար­ժա­նա­ւոր­նե­րը գտնե­լու եւ գնա­հա­տե­լու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը պե­տու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն գոր­ծե­րէն մին է։ Իսկ դուք, սի­րե­լի մրցա­նա­կա­կիր­ներ, վստահ եմ, որ կանգ պի­տի չառ­նէք ու պի­տի չբա­ւա­րա­րուիք ձեր կա­տա­րած աշ­խա­տան­քով ու ձեռք­բե­րում­նե­րով։ Իմ միակ ցան­կու­թիւնն է, որ այս մրցա­նա­կը ըլ­լայ ձեր կա­տա­րած աշ­խա­տան­քի ճա­նաչ­ման միայն սկիզ­բը։ Կը յու­սամ, որ պի­տի յա­ջոր­դեն ձեր նոր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան թռիչք­նե­րը, ո­րոնք պի­տի ար­ժա­նա­նան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան պար­գե­ւա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին։

Հարկ է նշել, որ Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի մրցա­նա­կը հաս­տա­տուած է 2001 թուա­կա­նին։ Ան­ցեալ շուրջ տասն­հինգ տա­րուան ըն­թաց­քին պար­գե­ւատ­րուած են 335 ան­հատ­ներ կամ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ։ Այս մրցա­նա­կը կը յանձ­նուի «Ռո­պէրթ Պօ­ղո­սեան եւ որ­դի­նե­րը» հիմ­նադ­րա­մի ա­ջակ­ցու­թեամբ։

Ե­րէկ պար­գե­ւատ­րուած ա­նուն­նե­րու շար­քին կը գտնուէր ա­մե­րի­կա­հայ յայտ­նի գրող Փի­թըր Պա­լա­քեան, որ վեր­ջերս նուա­ճեց նաեւ Փու­լի­ցէ­րի մրցա­նա­կը։ Դափ­նե­կիր­նե­րու շար­քին կը գտնուի նաեւ յայտ­նի պատ­մա­բան Ալ­պերթ Խա­ռա­տեան, որ մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցած է «Ա­րեւմ­տա­հայ մա­մու­լը իր պատ­մու­թեան ա­ւար­տին (1900-1922)» խո­րագ­րեալ աշ­խա­տու­թեամբ մար­դա­սի­րա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման բնա­գա­ւա­ռին մէջ։ 

Ուրբաթ, Մայիս 27, 2016