ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ «ԱՐԻՈՆ» ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ ԵԼՈՅԹԸ
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Արիոն» նուագախումբին համերգը։ Վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս բացօթեայ ձեռնարկին նպատակն էր երիտասարդներուն մօտ հետաքրքրութիւն ու սէր ստեղծել դասական երաժշտութեան նկատմամբ։
«Արիոն» նուագախումբի մենակատարը՝ Պեսթէ Կիւրքէյ իսկապէս խոր տպաւորութիւն գործեց ունկնդիրներուն վրայ։ Այս նուագախումբին գեղարուեստական ղեկավարն է Շուլէ Չաքար, իսկ խմբավարը՝ Սերճան Կիւնտողտու։ Յայտագրի աւարտին նուագախումբը աշակերտներուն համար մեկնաբանեց «Sev kardeşim» երգը, որուն մասնակցեցան բոլոր ունկնդիրները։
Համերգին ներկայ գտնուեցան Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի մատակարար մարմնէն ներկայացուցիչներ, քոյր վարժարաններէն տնօրէններ եւ կրթական մշակներ, ծնողներ, աշակերտներ եւ հիւր երաժշտասէրներ։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024