ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Էսաեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի աշակերտները վերջերս ծափահարելի շարք մը յաջողութիւններ արձանագրած են մարմնամարզի բնագաւառին մէջ։
Ութերորդ դասարանի աշակերտներէն Արիս Թիրեաքիեան անցեալ ամիս մասնակցեցաւ Իսթանպուլի միջվարժարանային լողի մրցոյթին։ Ան նուաճեց առաջնութիւն եւ իրաւունք շահեցաւ շրջանային մրցոյթին մասնակցելու։ Վերջին օրերուն Պուրսայի մէջ կազմակերպուած համապատասխան մրցաշարքին ընթացքին ալ ան զբաղեցուց երկրորդ հորիզոնականը։ Այս յաջողութեան հիման վրայ ան իրաւունք շահեցաւ մասնակցիլ Թուրքիոյ առաջնութեան։ Արիս Թիրեաքիեան լողի մարզին մէջ երկար ժամանակէ ի վեր կայուն թափով կ՚արձանագրէ յաջողութիւններ եւ Էսաեան վարժարանի պատուաբեր սաներու կարգին կը դասուի։
Ներկայ ամսուան տեւողութեան էսաեանցիները մասնակցեցան նաեւ Պէյօղլուի շրջանէն ներս կազմակերպուած զանազան միջվարժարանային մրցաշարքերու։ Դպրոցի վոլէյպոլի փոքրերու արական կազմը հանդիսացաւ գաւառակի երկրորդը, աստղերու կազմն ալ եղաւ նոյնպէս երկրորդ Պէյօղլուի մէջ։ Մարմնամար-զի խումբն ալ հանդիսացաւ Պէյօղլուի մէջ երրորդ։
Էսաեանցիները մասնակցութիւն բերին «Ֆէյզիյէ» հիմնարկին առընթեր «Ըշըք» վարժարաններու ցանցին կողմէ կազմակերպուած միջվարժարանային ճատրակի մրցաշարքին։ Չորրորդ սեղանի մրցակից Տիրան Քէօսէ, որ Էսաեանի երրորդ դասարանի աշակերտներէն է, հանդիսացաւ առաջին։
Իսթանպուլի մէջ միջվարժարանային լողի մրցում մըն ալ կազմակերպուեցաւ քաղաքի մակարդակով։ Փոքրերու դասաւորման մէջ երրորդ դասարանի աշակերտուհիներէն Թալիա Եշիլթեփէ 46 մրցակիցներու շարքին հանդիսացաւ չորրորդ։ Այս աստիճանը շատ կարեւոր էր, որովհետեւ Թալիա Եշիլթեփէի մրցակիցներուն տարիքը մեծ էր իրեն բաղդատմամբ։
Թալիա Եշիլթեփէ նոյն մրցաշարքին մէջ այլ անուանակարգերու գծով նուաճեց նաեւ առաջնութիւն մը։ Էսաեանցի միւս դափնեկիրները եղան՝ Ազատ Արը (առաջին), Արիս Թիրեաքիեան (առաջին), Նիքոլ Իշկիւզար (երկրորդ), Արէս Լիսան (երկրորդ), Ճան Եշիլթեփէ (երկրորդ) եւ Շանթ Տիքիճի (երրորդ)։