ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի երդիքին տակ վերջին օրերուն ապրուեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնի խանդավառութիւնը։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ այս առթիւ ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Հանդէսին բոլոր մասնակիցները սիրով ողջունեցին դպրոցի առաջին դասարանի փոքրիկներուն մէկ տարուան աշխատանքի փայլուն արդիւնքը։ Պաքըրգիւղի ընտանիքին տեսակէտէ հանդիսութիւնը ունէր նաեւ զգացական բարձր նշանակութիւն, որովհետեւ Տատեան վարժարանի նորակառոյց համալիրի յարկէն ներս առաջին անգամ ընթերցման տօն մը տեղի կ՚ունենար։ Որպէս օրուան խորհրդանշան ընտրուած էր «Ծիածան»ը, որով ծպտուած էին փոքրիկները։
Ընթերցման տօնին ներկայ գտնուեցան Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան, թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։ Հանդէսի պատրաստութեան ուղղութեամբ աշխատանք տարած էին ուսուցչուհիներ Նաթալի Քումրու-Թիւֆեքճի, Արեւ Սըրատաղ-Աւանուս եւ Տեմէթ Զենկին։ Յայտագրին շրջագծով տղաքը հանդէս եկան հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն ելոյթներով։ Անոնք ներկաներու ծափահարութիւններուն արժանացան իրենց թատերակներով, արտասանութիւններով, պարերով ու խմբերգներով։
Ձեռնարկի աւարտին տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը, որու ընթացքին գնահատեց փոքրիկներուն արձանագրած արդիւնքը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնք կրթական կեանքի շարունակութեան համար։
Հանդէսի աւարտին առաջին դասարանի փոքրիկներուն համար հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը։ Յաջորդած ընդունելութեան տեւողութեան ներկաները ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուին փոքրիկներուն նկատմամբ, իսկ ծնողները՝ երախտագիտական զգացումներ արտայայտեցին Տատեան վարժարանի ուսուցչական կազմին եւ տնօրէնութեան նկատմամբ։