ՄԵԼԳՈՆԵԱՆԻ ՎԷՐՔԸ - Բ -

Ա­ռա­ջին ան­գամ Մել­գո­նեան վար­ժա­րա­նի շէն­քը տե­սայ 1999 թուա­կա­նի Նո­յեմ­բե­րին: Սեւ ու բարձր դար­պաս­նե­րը կը բաժ­նէին աղմ­կոտ Նի­կո­սիան 1924 թուա­կա­նին ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով զանգ հնչե­ցու­ցած Մել­գո­նեա­ն կր­թա­կան հաս­տա­տու­թեան (ՄՀԿ) տա­րած­քէն: Տա­րած­քը նաեւ կը յու­շէր, որ Մել­գո­նեա­նը միայն քա­րե­ղէն ամ­րոց մը չէր, այլ ո­գի էր:

Վար­ժա­րա­նի հիմ­նա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ կանգ­նե­ցուած էին Գրի­գոր եւ Կա­րա­պետ ա­ղա­նե­րուն կի­սանդ­րի­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց կեան­քի ամ­բողջ ժա­ռան­գու­թիւ­նը ի սպաս դրած էին այդ որ­բա­նոց-դպրո­ցի հաս­տատ­ման հա­մար: Եր­կու գլխա­ւոր մաս­նա­շէն­քե­րը ա­կա­նա­տես ե­ղած էին հա­յոց գաղ­թա­կա­նու­թիւ­նը ապ­րած հայ որ­բե­րուն ապ­րած ո­դի­սա­կա­նը: Դե­ղին քա­րե­րով պա­տուած այդ շէն­քե­րուն մէջ ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան մե­ծա­գոյն դէմ­քե­րը հա­յե­րէ­նի դա­սա­պա­հեր էին վա­րած: Այդ դա­սա­րան­նե­րուն մէջ ե­ղած լոյ­սը տար­բեր տե­սա­կի լոյս էր: Ա­մէն ա­ռա­ւօտ դա­սա­պա­հի սկիզ­բին Մել­գո­նեա­նի ոս­կի է­ջե­րը կեր­տած գոր­ծիչ­նե­րը կը մտնէին դա­սա­րան ու կը կի­սէին ի­րենց փոր­ձը: Ա­ռա­ջին մաս­նա­շէն­քի ա­մե­նէն ծայ­րը ե­ղող սե­նեա­կի պա­տու­հա­նը կը հսկէր խա­ղա­դաշ­տին: Յու­նաս­տա­նէն, Ե­գիպ­տո­սէն, Լի­բա­նա­նէն, Սու­րիա­յէն, Պուլ­կա­րիա­յէն, Ռու­սաս­տա­նէն եւ նոյ­նիսկ հե­ռա­ւոր Պրա­զի­լիա­յէն Նի­կո­սիա հա­սած մել­գո­նեան­ցի սա­ներ միա­սին կը կի­սէին ի­րենց օ­րը: Կեան­քի մեծ դարբ­նոց էր Մել­գո­նեա­նի բա­կը, ուր հա­զա­րա­ւոր մղոն­ներ կտրած ա­շա­կերտ­նե­րը միա­սին կը բաժ­նեկ­ցէին ի­րենց զգա­ցում­նե­րը, սէ­րը, թա­խի­ծը, կա­րօ­տը մէկ խօս­քով՝ կեան­քը:

Յա­կոբ Օ­շա­կա­նի հա­յեաց­քը կը ծնէր այդ սե­նեակ­նե­րուն ին­կող լոյ­սի եւ շու­քի խա­ղե­րուն մէջ: Օ­շա­կան կը բա­ցա­կա­յէր, ա­նոր բարձր գրա­կա­նու­թիւն ստեղ­ծե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թիւ­նը եւ ի­րաւ գիր մը կեր­տե­լու պա­հանջ­նե­րը կը զի­ջէին, բայց ա­նոր ո­գին կը մնար ան­զու­գա­կան եւ պար­տա­ւո­րեց­նող ներ­կա­յու­թիւն:

Մել­գո­նեա­նի հա­րուստ մա­տե­նա­դա­րա­նը ե­ղած էր ա­րեւմ­տա­հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ա­մե­նէն վա­ւե­րա­կան դէմ­քե­րէն մէ­կուն՝ Վա­հան Թէ­քէեա­նի ա­մե­նա­սի­րած «օ­ճախ»ը: Հոն, ա­նոր քայ­լե­րուն հետ­քե­րը, գիր­քե­րու ա­րան­քը կու­տա­կուած փո­շին ու այդ օ­րե­րէն մնա­ցած հին բոյ­րը տե­սակ մը նշխա­րի տպա­ւո­րու­թիւն կը թո­ղուր:

Այս­պէս կը մեծ­նար մեր սէ­րը այս դա­րա­ւոր ամ­րո­ցին հան­դէպ:

Ու­սում­նա­կան 2004-2005 տա­րեշր­ջա­նի ա­ւար­տին Մել­գո­նեան կրթական հաստատութիւնը հրա­ժեշտ կու տար իր սա­նե­րուն ու ա­նոր զան­գե­րը կը լռէին:

Այդ դպրո­ցին շուրջ մէկ­տե­ղուած լայն շրջա­նակ­նե­րուն հա­մար ան­հա­ւա­տա­լի էր դպրո­ցին փակ­ման մա­սին ո­րո­շու­մը: Դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­հին՝ Տի­կին Ա­նի Լա­չի­նեան-Մա­կա­րեա­նը, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կա­րե­ւոր ճիգ ի­րա­գոր­ծած էր տար­բեր գա­ղութ­նե­րէ նոր ա­շա­կեր­տու­թիւն հասց­նե­լու գոր­ծին հա­մար, նոյն­պէս զար­ման­քով կ՚ըն­դու­նէր դպրո­ցին փակ­ման ո­րո­շու­մը:

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան հա­մար դպրո­ցի փակ­ման ո­րո­շու­մը կը տրուէր մաս­նա­ւո­րա­պէս նիւ­թա­կան ծանր եւ ա­նե­լա­նե­լի ի­րա­վի­ճա­կին հա­մար:

Այս գոր­ծօն­նե­րէն բա­ցի կա­րե­ւոր էր հասկ­նալ, որ Մել­գո­նեա­նի փա­կու­մը պէտք է ըն­դու­նուէր որ­պէս կա­րե­ւոր ախ­տան­շան այն վի­ճա­կին մա­սին, ո­րուն հա­սած է հայ­կա­կան սփիւռ­քը իր տար­բեր հա­տուած­նե­րով եւ քա­ղա­քա­կան-գա­ղա­փա­րա­կան շեր­տե­րով: Ու հա­կա­ռակ ի­րադ­րու­թեան սփիւռ­քը իր լայն հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը չմէկ­տե­ղեց Մել­գո­նեան վար­ժա­րա­նին նման հզօր լոյ­սի կեդ­րո­նի մը փակ­ման ի­րա­կան պատ­ճառ­նե­րը քննե­լու կամ խնդրին լուծ­ման հա­մար ել­քե­րու մա­սին խոր­հե­լու:

Մել­գո­նեա­ն կրթական հաստատութիւ-նը դար­ձաւ վէրք: Վի­րա­ւոր թե­մա մը, որ տար­բեր հան­գա­մանք­նե­րու ըն­թաց­քին կը ներ­կա­յա­ցուէր, որ­պէս թա­պու նիւթ կամ ան­լու­ծե­լի թնճուկ: Եւ ի­րօք ինչն է փո­խուած այ­սօր հա­րիւր եւ ա­ւե­լի տա­րի­ներ ա­ռաջ ե­ղած դրու­թե­նէն:

Այն օ­րե­րուն, երբ հա­յու­թիւ­նը զինք հա­մա­տե­ղող, հա­ւա­քող, իր ա­ռանց­քին վրայ պա­հող կեդ­րոն մը չու­նէր, յա­ջո­ղե­ցաւ տաս­նեակ վար­ժա­րան­ներ բա­նալ: Մին­չեւ հե­ռա­ւոր Մոս­կուա, Վե­նե­տիկ, Հռոմ, Նի­կո­սիա եւ այ­լուր մենք դպրոց կա­ռու­ցե­ցինք: Այդ վար­ժա­րան­նե­րը լա­ւա­գոյնս կա­տա­րե­ցին ի­րենց վի­ճա­կած պար­տա­կա­նու­թիւ­նը: Հաս­ցու­ցին լու­սա­ւոր սե­րունդ, ա­նուն ե­ղող մտա­ւո­րա­կան­ներ ու կրօ­նա­կան ու աշ­խար­հա­կան գոր­ծիչ­ներ:

Ի՞նչն է այ­սօր, որ մե­զ ար­դէն տասն ու ա­ւե­լի տա­րի­ներ կը տա­ռա­պեց­նէ, կը մտա­տան­ջէ ու կը ստեղ­ծէ լոկ բարձ­րա­ձայն հար­ցադ­րում­ներ ը­նե­լու պատ­ճառ եւ ա­ռիթ: Այդ հար­ցադ­րում­նե­րը ոչ մէկ կեր­պով կրնան լու­ծում­ներ բե­րել մեր հար­ցե­րուն:

Կայ նաեւ այլ տխուր ե­րե­ւոյթ մը, որ ճոխ ժո­ղով­ներ ի կա­տար ա­ծե­լու ե­րե­ւոյթն է: Ժո­ղով­նե­րու, հա­մա­գու­մար­նե­րու, նիս­տե­րու մրցում կայ կար­ծէք: Բո­լոր միու­թիւն­նե­րը անխ­տիր կ­­՚ու­զեն ժո­ղով­ներ ը­նել: Բո­լոր միու­թիւն­նե­րը կը խօ­սին ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի նա­հան­ջին ու մօ­տա­լուտ մա­հուան մա­սին: Բո­լոր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը մատ­նա­ցոյց կ՚ը­նեն, որ Հա­լէ­պէն հե­ռա­ցած նոր սե­րուն­դը աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն կանգ­նած է իր լե­զուն կորսնց­նե­լու վտան­գին առ­ջեւ : Այդ լե­զուն կրնայ կոր­սուիլ, նոյ­նիսկ Ե­րե­ւա­նի մայ­թե­րուն վրայ, ուր գրե­թէ տա­սը հա­զար հա­շուող սու­րիա­հա­յե­րը չու­նե­ցան ո­րե­ւէ ա­ջակ­ցու­թիւն ա­րեւմտա­հա­յե­րէն ջամ­բող ա­մէ­նօ­րեայ վար­ժա­րան մը ստեղ­ծե­լու: Ա­ւե­լի փայ­լուն չէ ի­րա­վի­ճա­կը ա­մե­րի­կեան ա­փե­րուն ապ­րող մեր հա­մայնք­նե­րու, ո­րոնց վար­ժա­րան­նե­րը եւս կը նա­հան­ջեն ու նոյն­պէս յայտ­նուած են փա­կուե­լու վտան­գին ըն­դա­ռաջ:

Այս ընդ­հա­նուր պատ­կե­րին դի­մաց ի­րա­կան ել­քեր ո­րո­նե­լու հա­մար կա­րիք կայ հա­մազ­գա­յին լուրջ եւ եր­կա­րա­ժամ­կէտ ծրա­գիր­նե­րու: Ու այն­քան ա­տեն, որ այդ լրջու­թիւ­նը ե­րե­ւե­լի չէ մեր տե­սա­դաշ­տին վրայ, պի­տի շա­րու­նա­կուի դպրոց­նե­րու յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը ամ­բողջ սփիւռ­քի մէջ:

Մենք տա­կա­ւին չենք հասկ­ցած, որ մեր ժո­ղո­վուր­դի ո­գին պահ­պա­նող հիմ­նա­կան կռուա­նը հայ դպրոցն է ու կը շա­րու­նա­կենք ան­լուրջ մօ­տե­ցում­նե­րով ու ժա­մա­վա­ճա­ռու­թեամբ ազ­գա­յին քի­չու­թիւն ը­նե­լու մեր սո­վո­րու­թիւ­նը:

Մել­գո­նեա­նի հար­ցը մեր ժո­ղո­վուր­դի մարմ­նին վրայ գո­յա­ցած վէրք է, որ պէտք է ան­պայ­ման բու­ժուի:

Այդ վէր­քը չի բու­ժուիր սի­րո­ղա­­կան մօ­տե­ցում­նե­րով: Այդ վէր­քը չի բու­ժուիր փիք­նիք­նե­րով եւ դաշ­տա­հան­դէս­նե­րով: Այդ վէր­քը չի բու­ժուիր հա­զա­րա­ւոր մել­գո­նեան­ցի­նե­րու ա­ղիո­ղորմ ար­ցունք­նե­րով ու լա­ցե­րով:

Ա­մե­նատ­խու­րը այն է, որ յա­ռա­ջի­կայ Յու­լի­սին խումբ մը մել­գո­նեան­ցի­ներ նա­խա­ձեռ­նած են «դաշ­տա­հան­դէս» կա­տա­րել ու այ­ցե­լել ի­րենց սի­րե­լի վար­ժա­րա­նը: Տար­բեր ա­փե­րէ Նի­կո­սիա հաս­նող մել­գո­նեանց­նե­րը պի­տի գան լսե­լու ի­րենց դպրո­ցին խլա­ցու­ցիչ «լռու­թիւն»ը:

Այդ լռու­թեան աղ­մու­կը կ­­՚ա­ղա­ղա­կէ մեր հո­գի­նե­րուն մէջ: Յա­կոբ Օ­շա­կա­նի եւ Վա­հան Թէ­քէեա­նի աչ­քե­րով տես­նուած բա­ռե­րուն եւ տո­ղե­րուն մէջ:

Մել­գո­նեա­նի վէր­քը կը կոտ­տայ ու ժա­մա­նակն է, որ բու­ժու­մի հանգ­րուա­նը ըլ­լայ ա­րագ՝ նախ­քան վէր­քին վերջ­նա­կան սպիա­ցու­մը եւ մո­ռա­ցու­մը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Մայիս 28, 2016