ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի եւ տե­ղա­կան մար­մին­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու հա­մա­տեղ նիս­տը։ Տա­րե­կան այս հա­մա­գու­մա­րը ար­դէն 25-րդն էր։ Ժո­ղո­վը գլխա­ւո­րեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, որ ի պաշ­տօ­նէ կը ղե­կա­վա­րէ նաեւ հիմ­նադ­րա­մի հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դը։

Քննար­կում­նե­րուն շրջագ­ծով հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­րա Վար­դա­նեան ներ­կա­յա­ցուց ան­ցեալ տա­րուան աշ­խա­տանք­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ գոր­ծա­դիր վար­չու­թեան հա­շուե­տուու­թիւ­նը, ո­րուն զու­գա­հեռ ժո­ղո­վա­կան­նե­րը հե­տե­ւե­ցան ի­րենց ներ­կա­յա­ցուած տե­սա­նիւ­թին։

Օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ նաեւ հիմ­նադ­րա­մի «Մա­րա­թոն-2016» հան­գա­նա­կու­թիւ­նը եւ ո­րո­շուե­ցաւ ա­նոր հա­սոյ­թը ամ­բող­ջու­թեամբ յատ­կաց­նել Ար­ցա­խի վե­րա­կանգն­ման ծրագ­րե­րուն՝ մա­նա­ւանդ, որ վեր­ջին քա­ռօ­րեայ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով կարգ մը բնա­կե­լի շրջան­նե­րու պա­րա­գա­յին յա­ռա­ջա­ցած է լուրջ վնաս։ 

Շաբաթ, Մայիս 28, 2016