ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԳԻՏԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ
Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ հերթական գիտական խրախճանքը։ Միջվարժարանային այս ծրագիրը վերջին տարիներուն կեանքի կը կոչուի հետեւողականօրէն եւ արդէն ստացած է աւանդական բնոյթ մը։ Ամէն տարի ամրան արձակուրդին ընդառաջ, համայնքային միջնակարգերու սաները կը համախմբուին Պէզճեան մայր վարժարանին մէջ, ուր ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ իրարու հետ կը բաժնեն իրենց տարած աշխատանքին, իրենց գիտական միտքի զարգացման արգասիքները։ Այս տարի ալ եղաւ այդպէս։ Դպրոցի զանազան դասարանները կամ բաժինները յատկացուած էին դպրոցի մը խումբին, ուր իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէր իր գիտական ծրագիրը։
12-րդ անգամ կազմակերպուած այս գիտական խրախճանքին շրջագծով հիւրընկալ վարժարանի տնօրէնուհի՝ Եղիսաբէթ Չաթանասլան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորեց բոլոր աշակերտական խումբերը, որոնք գլխաւորուած էին գիտութեան ուսուցիչներուն կողմէ։ Մինչ տղաքը ներկայացուցին իրենց նախագծերը, գիտութեան ուսուցիչներն ալ ուշադրութեամբ հետեւեցան անոնց աշխատանքին։ Կէսօրին բոլորը ճաշեցին միասնաբար եւ աւելի վերջ գիտութեան ուսուցիչները առանձնանալով արժեւորեցին օրուան նախագծերը։ Այս խրախճանքի աւարտին, բնոյթին բերումով, դափնեկիրներու անուններ չեն հրապարակուիր, սակայն գիտութեան ուսուցիչները իրենց արժեւորման արդիւնքները բաժնեցին աշակերտներուն հետ եւ պարքովիզիոնի ցուցադրութեան զուգահեռ ընդգծեցին յատկանշական գործերը։
Գիտական խրախճանքին ծրագիրը աւարտին հասաւ վարժարաններու գիտութեան ուսուցիչներուն յանձնուած մասնակցութեան վկայականներով եւ Եղիսաբէթ Չաթանասլանի եզրափակիչ խօսքով։ Կազմակերպիչները արձակման պահուն կոչ ուղղեցին, որպէսզի յառաջիկայ տարուան խրախճանքին համար տղաքը այժմէն պատրաստութեան ձեռնարկեն։