ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ՄԵԾ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Գա­տը­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ խան­դա­վառ օր մը ապ­րե­ցաւ թա­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւար­տից տա­րե­կան հա­ւա­քին առ­թիւ։ Ա­ւան­դա­կան այս հան­դի­պու­մը հան­դի­սա­ցաւ սե­րունդ­նե­րու մեծ ու խան­դա­վառ ժա­մադ­րու­թեան մը թա­տե­րա­բե­մը։

Թա­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ա­ռա­ւօ­տուն Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեա­նի ձե­ռամբ մա­տու­ցուե­ցաւ կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րագ, ո­րու ա­ւար­տին կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն։ Դպրո­ցի հիմ­նա­դիր­նե­րուն ա­ռըն­թեր ո­գե­կո­չուե­ցան եր­բեմ­նի տնօ­րէն­նե­րը, սա­տա­րող­նե­րը, կրթա­կան մշակ­ներն ու սա­նե­րը։

Կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն շրջա­նա­ւար­տից հա­ւա­քին բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը հա­մախմ­բուե­ցան Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ, ուր ապ­րուե­ցաւ մեծ ե­ռու­զեռ մը։ Բա­ցօ­թեայ սե­ղան­նե­րուն շուրջ հա­մախմ­բուե­ցան ա­րա­մեան­ցի­նե­րը, ո­րոնք կ՚ապ­րէին զի­րար վե­րագտ­նե­լու ան­բա­ցատ­րե­լի ու­րա­խու­թիւ­նը։ Ներ­կայ էին Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ար­ման Պիւ­քիւ­ճեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սար­վէն Սէրթ­շիմ­շէք, տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լու, սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Ար­թիւր Կեմ­րէ­քօղ­լու եւ իր ըն­կեր­նե­րը ու բազ­մա­թիւ հիւ­րեր։ Օ­րուան յայ­տագ­րին շրջագ­ծով ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լու։ Յո­բե­լեար շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ստա­ցան ի­րենց յու­շա­նուէր­նե­րը։ Գե­ղա­րուես­տա­կան բաժ­նին մէջ ա­շա­կերտ­նե­րը հան­դէս ե­կան ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով, նուագ­նե­րով եւ պա­րե­րով։ Այս­պէս, Է­լի­զա Սա­րա­չօղ­լու, Ա­րաս Հե­մեն­կիւլ, Առ­լէն Ա­զա­րեան, Սա­րին Նեւ­րուզ, Քլո­տիա Քէօ­րօղ­լուեան, Դա­լար Խա­չի­կեան, Ազ­նիւ Սար­րաֆ, Գա­րուն Քիւ­լէ­կէչ, Տո­րա Սեչ­քին եւ Ա­ւե­տիս Մար­գա­րեան ար­ժա­նա­ցան ծա­փող­ջոյն­նե­րու։

Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւար­տից օ­րուան յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թե­նէն վերջ բո­լոր ներ­կա­նե­րը ան­մի­ջա­կան զրոյց ու­նե­ցան ի­րա­րու մի­ջեւ։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016