«ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԻՒՆ» ՄՐՑՈՅԹԸ

Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած միջ­վար­ժա­րա­նա­յին ժո­ղովր­դա­կան պա­րե­րու մրցոյ­թին ա­ւար­տա­կա­նը ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Պո­ղա­զի­չի» հա­մալ­սա­րա­նի «Կա­րան­թի» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ։ «Յա­ւեր­ժու­թիւն» խո­րագ­րեալ այս ծրագ­րին ար­դէն երկ­րորդ փուլն էր այս մէ­կը։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կան պա­րեր ներ­կա­յա­ցուե­ցան վե­րո­յի­շեալ մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ, ուր հա­մախմ­բուած էին բազ­մա­թիւ ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։

Յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ Ժպիտ Իս­քէն­տէ­րօղ­լու-Գա­լայ­ճեա­նի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Սկիզ­բին «Մա­րալ» հա­մոյ­թը հան­դէս ե­կաւ ազ­գագ­րա­կան պա­րե­րով։ «Յա­ւեր­ժու­թիւն» մրցոյ­թի մաս­նա­կից դպրոց­նե­րու խում­բե­րը ա­ւե­լի վերջ ներ­կա­յա­ցու­ցին ա­զատ պա­րեր։ Իսկ մրցոյ­թի ա­ռա­ջին փու­լին հա­մար նա­խա­տե­սուած «Սա­սուն» պա­րը ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ այն չորս խում­բե­րուն կող­մէ, ո­րոնք հա­մա­րուած էին ա­ռա­ջին փու­լի յա­ջո­ղա­գոյն­նե­րը։

Ա­ւե­լի վերջ ա­ռանձ­նա­ցան դա­տա­կազ­մի ան­դամ­նե­րը՝ Պա­նու Քուր­տօղ­լու, Սա­րեմ Քիւ­լէ­կէչ-Շէ­շէ­թեան, Կար­պիս Չափ­քան, Լե­ւոն Թա­պէ­րեան եւ Ա­րամ Կոս­տա­նեան։ Մինչ դա­տա­կազ­մը կեդ­րո­նա­ցաւ իր աշ­խա­տան­քին վրայ, դար­ձեալ բեմ ա­ռաւ «Մա­րալ», ո­րու ներ­կա­յա­ցու­ցած պա­րե­րը ստեղ­ծե­ցին մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։

Յա­ջոր­դեց մրցոյ­թի ար­դիւնք­նե­րուն հրա­պա­րա­կումն ու մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ «Սա­սուն» պա­րի ներ­կա­յաց­ման շրջագ­ծով ա­ռա­ջին հան­դի­սա­ցաւ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նը, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին Տա­տեան վար­ժա­րանն ու Է­սաեան վար­ժա­րա­նը։ Ա­զատ պա­րի ա­նու­անա­կար­գին մէջ ա­ռա­ջին հան­դի­սա­ցաւ Տա­տեան վար­ժա­րա­նը, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին Գալ­ֆաեան Տունն ու Ե­շիլ­գիւ­ղի վար­ժա­րա­նը։ Մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ըն­թաց­քին դափ­նե­կիր­նե­րուն յանձ­նուե­ցան նուէր­ներ, մրցոյ­թի մաս­նա­կից բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րն ու վար­ժա­րան­ներն ալ ու­նե­ցան մաս­նակ­ցու­թեան վկա­յա­կան­ներ։

«Յա­ւեր­ժու­թիւն» մրցոյ­թի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը կը նա­խա­տե­սեն շա­րու­նա­կել այս ծրա­գի­րը եւ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք տա­նե­լով ա­ւան­դա­կան բնոյթ մը տալ այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան։ Մինչ այդ, կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը կոչ ուղ­ղե­ցին, որ­պէս­զի մեր հա­մայն­քի ծնող­նե­րը ա­ռաջ­նոր­դեն ի­րենց զա­ւակ­նե­րը՝ մաս­նակ­ցե­լու «Մա­րալ» հա­մոյ­թի գոր­ծու­նէու­թեան։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016