Կիրակի 17, Նոյեմբեր 2024
ՔԻԼԻՍԻ ՎՐԱՅ ՆՈՐ ՀՐԹԻՌՆԵՐ
Թուրքիա-Սուրիա սահմանի Քիլիս քաղաքը շաբաթավերջին հերթական անգամ ահաբեկիչներու կողմէ արձակուած հրթիռներու թիրախը դարձաւ։ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ արձակուած երկու հրթիռներ ինկան այս քաղաքը։ Հրթիռներէն մին զուգադիպեցաւ պարապ տարածքի մը, իսկ միւսը ինկաւ դպրոցի մը պարտէզի մօտակայքին։
Քիլիսի վրայ ինկած հրթիռներէն անմիջապէս վերջ շարժման անցան թուրք զինեալ ուժերը։ Բանակը ստուգեց ԻՇԻՊ-ի այն չորս դիրքերը, ուրկէ արձակուած էին հրթիռները։ Թնդանօթներով կրակի տակ առնուեցան այդ դիրքերը, որոնք ոչնչացուեցան վերջնականօրէն։
Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016