Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ՊԻՆԱԼԻ ԵԸԼՏԸՐԸՄԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏԱՑԱՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԷՆ
Թուրքիոյ Հանրապետութեան 65-րդ կառավարութիւնը շաբաթավերջին վստահութեան քուէ ստացաւ Ազգային մեծ ժողովին կողմէ։ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի կողմէ գլխաւորուած կառավարութեան կազմը խորհրդարանի վստահութեան արժանացաւ՝ 315 երեսփոխաններու կողմէ տրուած քուէներով։
Այսպէսով արդէն իր աւարտին հասաւ ԱՔ կուսակցութեան արտահերթ համագումարով պայմանաւորուած փոխանցման շրջանը եւ նոր նախարարաց խորհուրդը յառաջիկայ շրջանին պիտի ձեռնարկէ իր բնականոն աշխատանքին։
Միւս կողմէ, Պինալի Եըլտըրըմ եւ նորակազմ դահլիճի անդամները երէկ այցելութիւն մը տուաւ Աթաթիւրքի յուշադամբանը։
Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016