ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՍԵՐՈՒՆԴԸ
Շաբաթավերջին Հայաստանի մէջ աւանդական տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան՝ Մայիսի 28-ի Հանրապետութեան տօնին առթիւ։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, պետական աւագանին եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առթիւ մասնակցեցան Սարտարապատի յուշահամալիրին մօտ տեղի ունեցած տօնակատարութիւններուն եւ զինուորական շքերթին։ Իր ելոյթին մէջ Սերժ Սարգսեան շեշտը դրաւ անկախութեան սերունդին վրայ։ Ան ըսաւ, թէ նոր Սարտարապատ մը պիտի չըլլայ, որովհետեւ կայ պետութիւն։ «Կայ անկախութեան սերունդ, որ կ՚ուզէ քալել ժամանակակից աշխարհին համընթաց ու պիտի քալէ։ Անկախութեան սերունդ, որ կ՚ուզէ յառաջ տանիլ իր երկիրը ու պիտի տանի։ Անկախութեան սերունդ, որ բոլորէն աւելի ճիշդ հասկցած է Մայիսի 28-ի պատգամը», ըսաւ Սերժ Սարգսեան իր խօսքին մէջ եւ աւելցուց, թէ Մայիսի 28-ը հայ ժողովուրդին համար անդունդի եզրէն վերադառնալու օրն է։ «Դէպի կեանք, դէպի վերածնունդ, դէպի արարում եւ դէպի աշխատանք վերադառնալու օրն է։ Մենք վերադարձած ենք», ըսաւ ան։
Բաց աստի, Մայիսի 28-ի առթիւ Երեւանի մէջ, նախագահական ապարանքի երդիքին տակ մեծարուեցան Արցախի քառօրեայ վերջին ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին նահատակուած զինուորներու ընտանիքները, որոնց որդիներուն յետմահու շնորհուեցան պետական բարձրագոյն պարգեւներ։