ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տեղական մարմիններու անդամներուն հետ։ Ան այս առթիւ յայտնեց, թէ վերջին շրջանին աշխարհի բոլոր կողմերէն հայեր իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Արցախին համար՝ Ապրիլի սկիզբին տեղի ունեցած քառօրեայ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն զուգահեռ։ Ժողովականներուն ուղղած խօսքին մէջ Հրանոյշ Յակոբեան շեշտեց, թէ ներկայիս հայ ժողովուրդի գլխաւոր խնդիրը կը համարուի Արցախի միջազգային ճանաչումը։
Նախարարի ելոյթին առընթեր ցուցադրուեցաւ տեսողական մը, որով ներկայացուեցաւ Սփիւռքի մէջ Արցախի ի նպաստ ձեռնարկուած շարժումը։
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան։