ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Զուի­ցե­րիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Պեր­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի մարմ­նա­մար­զու­թեան ա­ռաջ­նու­թիւ­նը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նը։ Այս կա­րե­ւոր մրցա­շար­քի ար­դիւն­քին հայ­կա­կան ընտ­րա­նիէն Յա­րու­թիւն Մեր­տի­նեան նուա­ճեց ոս­կէ մե­տայլ՝ հաս­նե­լով ա­խո­յեա­նի տիտ­ղո­սին։ Պեր­նի մէջ ար­ծա­թէ մե­տայլ­ներ շա­հե­ցան Ար­թուր Դաւ­թեան, Վա­հագն Դաւ­թեան եւ Ար­թուր Ա­ւե­տի­սեան։

Մե­տայ­լա­կիր մար­զիկ­նե­րը ե­րէկ վե­րա­դար­ձան Ե­րե­ւան եւ «Զուարթ­նոց» օ­դա­կա­յա­նին մէջ դի­մա­ւո­րուե­ցան՝ ար­ժա­նա­նա­լով բո­լո­րի ջերմ վե­րա­բեր­մուն­քին։ Հա­յաս­տա­նի Ո­ղիմ­պիա­կան ազ­գա­յին կո­մի­տէի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը դափ­նի­ներ ան­ցու­ցին մե­տայ­լա­կիր մար­զիկ­նե­րու վզին, մինչ մար­զա­սէր­ներն ալ ի­րենց գնա­հա­տան­քին ու հա­մակ­րան­քին ա­ռար­կայ դար­ձու­ցին զա­նոնք։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016