ՀԲԸՄ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ ՄԸ ՊԻՏԻ ՀԱՍՏԱՏԷ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ըն­դու­նեց Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեա­նը, որ ներ­կա­յիս կը գտնուի Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Պերճ Սեդ­րա­կեան Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին ներ­կա­յա­ցուց բո­լո­րո­վին վեր­ջերս Մոս­կուա­յի մէջ ու­նե­ցած շփում­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րը եւ ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կա­ռոյց­նե­րուն մօտ ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ իր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Սեդ­րա­կեան ընդգ­ծեց, թէ ՀԲԸՄ որ­դեգ­րած է ծրա­գիր մը՝ Ռու­սաս­տա­նի մէջ մաս­նա­ճիւղ մը հաս­տա­տե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան մաս­նա­ւոր անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ապ­րի­լի սկիզ­բին Ար­ցա­խի սահ­մա­նի ամ­բողջ եր­կայն­քով սան­ձա­զեր­ծուած ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ ա­նոնց ա­ղի­տա­լի հե­տե­ւանք­նե­րուն։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը եւ ՀԲԸՄ-ի նա­խա­գա­հը մե­ծա­պէս կա­րե­ւո­րե­ցին Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի մէջ ի զօ­րակ­ցու­թիւն Ար­ցա­խի եւ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան կազ­մա­կեր­պուած հան­գա­նա­կու­թիւն­նե­րը, ցու­ցա­բե­րուած օգ­նու­թիւ­նը եւ հաս­տա­տե­ցին այս ուղ­ղու­թեամբ աշ­խա­տանք­նե­րը շա­րու­նա­կե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը այս կա­պակ­ցու­թեամբ իր օրհ­նու­թիւնն ու գնա­հա­տան­քը փո­խան­ցեց ՀԲԸՄ-ի նա­խա­գա­հին եւ բո­լոր ան­դամ­նե­րուն՝ Ար­ցա­խի մէջ ձեռ­նար­կուած բազ­մաբ­նոյթ ծրագ­րե­րուն ու դժուա­րին այս շրջա­նին դրսե­ւո­րուած զօ­րակ­ցու­թեան հա­մար։

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի եւ ՀԲԸՄ-ի հա­մա­տեղ կրթա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ ե­կե­ղե­ցա­շի­նա­կան ծրագ­րե­րը։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին, մաս­նա­ւո­րա­պէս սու­րիա­հա­յու­թեան կա­ցու­թեան։

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016