«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ

Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րուն ըն­թերց­ման տօ­նը։ Տնօ­րէ­նու­հի Հե­րիք­նազ Ա­ւա­գեա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քով սկսաւ օ­րուան յայ­տա­գի­րը, որ գոր­ծադ­րուե­ցաւ դա­սա­րա­նի ու­սուց­չու­հի Հռիփ­սի­մէ Բեգ­լա­րեա­նի վե­րահ­սկո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Տղա­քը ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու ար­ժա­նա­ցան ի­րենց ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով, պա­րե­րով, խմբերգ­նե­րով եւ թա­տե­րակ­նե­րով։

Ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցան Ար­թօ եւ Դա­լար Հո­րո­զօղ­լու­նե­րը, ո­րոնք կը գլխա­ւո­րեն դպրո­ցի կա­մա­ւո­րաց հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։ Յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան ա­ւար­տին ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րուն յանձ­նուե­ցան նուէր­ներ։ Հան­դէ­սին յա­ջոր­դած ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին ալ բո­լո­րը յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ յղե­ցին տղոց՝ ու­սում­նա­կան կեան­քի շա­րու­նա­կու­թեան հա­մար։ Ծնող­ներն ալ ի­րենց ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին Հե­րիք­նազ Ա­ւա­գեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած ու­սուց­չա­կան կազ­մին, ո­րու ան­դամ­նե­րը մեծ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով կը դաս­տիա­րա­կեն տղա­քը։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016