ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Շիշ­լի մար­զա­կում­բին մէջ գու­մա­րուե­ցաւ հեր­թա­կան ընդ­հա­նուր ժո­ղով։ Դի­ւա­նին մաս կազ­մե­ցին Հայ­կա­րամ Քա­րա­սու (ա­տե­նա­պետ), Ղա­զա­րոս Ու­նան, Տիա­նա Ալ­թուն եւ Թա­մար Քա­րա­սու։ Վար­չու­թեան բո­լո­րած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կագ­րե­րը ըն­թեր­ցուե­ցան Ար­թօ Փեհ­լի­վա­նեա­նի կող­մէ։ Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը վա­ւե­րա­ցուց բո­լոր տե­ղե­կագ­րե­րը։ Ա­ւե­լի վերջ ձեռ­նար­կուե­ցաւ նոր վար­չու­թեան ընտ­րու­թեան։ Ար­դիւն­քին՝ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին եւս Ա­լէն Թեք­պը­չաք պի­տի շա­րու­նա­կէ գլխա­ւո­րել Շիշ­լի մար­զա­կում­բի վար­չու­թիւ­նը։ Նո­րըն­տիր կազ­մին մէջ են հե­տե­ւեալ ա­նուն­նե­րը.

Ա­լէն Թեք­պը­չաք, Ար­թօ Փեհ­լի­վա­նեան, Պերճ Թէր­զեան, Տիա­նա Ալ­թուն, Ա­րեգ Տո­լար, Զա­րեհ Քա­րա­գաշ, Սար­վէն Չաք­մաք, Պե­լին­տա Քու­րան, Ար­թիւր Կիւլ, Սե­ւան Քը­լը­ճեան, Ռու­տի Պէր­պէ­րօղ­լու, Վա­րու­ժան Սո­մուն­ճեան, Րաֆ­ֆի Քա­յըք­ճեան, Ճու­լիա Այ­սէ­լի, Թա­լին Պօ­ղո­սեան, Այ­գուն Թու­րաչ, Մա­րալ Ը­շըք­պայ։

Նոր վար­չու­թեան ընտ­րու­թե­նէն վերջ ար­տա­յայ­տուե­ցան Թաք­սիմ մար­զա­կում­բի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Կա­րօ Հա­մամ­ճեան, Շահ­նուր Քա­զան­ճը եւ Գա­րուն Գո­վան։ Իր կար­գին, Ա­լէն Թեք­պը­չաքն ալ հան­դէս ե­կաւ շնոր­հա­կա­լու­թեան խօս­քով մը։ Ան հա­մա­գու­մա­րի ան­դամ­նե­րուն շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ի­րեն եւ գոր­ծա­կից ըն­կեր­նե­րուն նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րուած վստա­հու­թեան հա­մար։ Ա­լէն Թեք­պը­չաք հա­մա­գու­մա­րի ան­դամ­նե­րուն հետ բաժ­նեց Շիշ­լիի վեր­ջին շրջա­նի պա­տուա­բեր յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն ու­րա­խու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ, Շիշ­լիի ճատ­րա­կի կազ­մը ա­խո­յեան հան­դի­սա­ցած է Իս­թան­պու­լի ճատ­րա­կի ա­կումբ­նե­րու ա­ռաջ­նու­թեան ար­դիւն­քին։ Ա­տե­նա­պետ Թեք­պը­չաք այս կա­պակ­ցու­թեամբ ընդգ­ծեց մար­զիչ Սար­վէն Չաք­մա­քի ան­փո­խա­րի­նե­լի ներդ­րու­մը։ Ա­լէն Թեք­պը­չաք ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն տե­ղե­կա­ցուց նաեւ, թէ վար­չու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք տա­նիլ ա­ւե­լի յար­մա­րա­ւէտ մար­զա­դահ­լիճ մը ա­պա­հո­վե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Ա­կում­բի հա­մա­կիր ազ­գա­յին­նե­րը վար­չու­թեան կը զօ­րակ­ցին այս խնդի­րը յաղ­թա­հա­րե­լու ճա­նա­պար­հին եւ Ա­լէն Թեք­պը­չաք յոյս յայտ­նեց, որ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին շօ­շա­փե­լի ար­դիւնք մը ա­պա­հո­վել կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ այս ուղ­ղու­թեամբ։ Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Պա­քըր­գիւ­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին՝ քա­նի, որ շիշ­լի­ցի­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ու­նե­նան Պա­քըր­գիւ­ղի վար­ժա­րա­նի նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րէն ներս մար­զա­դահ­լի­ճէն օգ­տուե­լու։

Հա­մա­գու­մա­րը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ օ­րա­կար­գի նիւ­թե­րու սպառ­ման զու­գա­հեռ եւ շիշ­լի­ցի­նե­րը յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ յղե­ցին Ա­լէն Թեք­պը­չա­քի կող­մէ գլխա­ւո­րուած նո­րըն­տիր վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րուն։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016