ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՑ ՄԷՋ ԲՈՅՍԵՐ - Գ -
Սուրբ Գիրքի մէջ յիշուած զանազան բոյսերու ցանկը կը շարունակենք ներկայացնել։
25) ԾԱՂԻԿ.- (Երգ Երգոց Բ 1). բնագրին բառը՝ որ հոս թարգմանուած է «ծաղիկ», երբ իր ընդհանուր կազմութեան նայուի, յայտնի կ՚երեւի, թէ կը նշանակէ սոխի նման արմատ մը կամ կոճղէզ (=սոխաձեւ արմատ) ունեցող «կաղաբոյս» (=ծաղիկի սոխ) ծաղիկ, եւ հաւանականապէս նարգէսն է, որ կը գտնուի բոլոր Ասորիներու երկրին մէջ եւ շատ գեղեցիկ եւ անուշահոտ ծաղիկ մըն է։ («Նարգէս»=նարգիս, նարկիս, հոտաւէտ ծաղիկ մը. մօրուտ)։
«Վարդ» բառը երբեք յիշուած չէ Սուրբ Գրոց մէջ. թէպէտ այս ծաղիկը Ասորիներու երկրին մէջ շատ ծանօթ է, մանաւանդ մէկ տեսակը՝ որ «Դամասկեան վարդ» կոչուած է Դամասկոսի անունով։ («Դամասկոս»=«Şam»)։
26) ԿԱՂԱՄԱԽ.- (Ծննդոց Լ 37, Ովսեայ Դ 13)։ Ոմանք կը կարծեն, թէ այս համարներուն մէջ բնագրին բառը, որ թարգմանուած է «կաղամախ»՝ շեր կամ, յունարէն բառով, ստիւրակ ծառին անունն էր։ Եօթանասուններ Ծննդոց գիրքին մէջ «ստիւրակ» կը թարգմանեն յիշեալ բառը։ Իսկ Ովսեայ մէջ «կաղամախ»։ («Կաղամախ»=կաղամախի=ճերմակ փայտով գետեզերեայ ծառ, բարտի)։ Այս երկու համարներուն մէջ ըսուածը կը յարմարի թէ՛ կաղամախի եւ թէ՛ ստիւրակի։ Վերջինէն՝ այն է ստիւրակէն, կ՚ելլէ կնդրկի անուշահոտ ռետինը։ («Կնդրուկ»=ազնիւ տեսակի խունկ)։
27) ԿԱՂՆԻ.- Ծննդոց ԼԵ 8, Եսայեայ Բ 13, Զ 13, ԽԴ 14, Եզեկիէլ ԻԷ 6, Ովսեայ Դ 13, Ամովսայ Բ 9, Զաքարեայ ԺԱ 2 համարներուն մէջ յիշուած է։
Կաղնին հազուագիւտ է Պաղեստինի մէջ։ Թէպէտ Բասանի մէջ կան մեծամեծ կաղնիներ, բայց կա՛մ «մշտադալար» կոչուած կաղնի են, եւ կա՛մ սղոցի։ Սուրբ Գրոց մէջ չի յիշուի՛ր «սղոցի»ն (=«փալամուտ»), այլ՝ անոր տերեւներուն վրայ գտնուած որդէն կամ ճճիէն շինուած կարմիր ներկը (Ելից ԻԵ 4, Ղեւտացիներ ԺԴ 4-6 եւ այլն)։
Այս որդը կը գոյանայ յիշեալ ծառին տերեւներուն վրայ. եւ սկիզբէն կը կարծուէր, թէ ծառին տնկային մէկ մասն է։ Գոյնը շատ կարմիր է, ուստի հինէն անկէ կ՚առնուէր «կրկնակի կարմիր» կոչուած ծիրանի ներկը։
28) ԿԱՍԻՍ.- (Ելից Լ 24, Եզեկիէլ ԻԷ 19)։
Կինամոնի մէկ ստորին տեսակն է «կասիս»ը. կեղեւէն կ՚ելլէ առատ եւ կծուահամ իւղ մը, թէպէտ կինամոնի չափ համեմային չէ՛։
29) ԿԻՆԱՄՈՆ.- Ելից Լ 23, Առակաց Է 17, Երգ Երգոց Դ 14, Յայտնութիւն ԺԸ 13 համարներու մէջ յիշուած է։ «Կինամոն»՝ «դարչին», «կասիա», «դարսենի», «կինամոնածառ», Հնդկաստանի եւ Չինի մէջ գտնուած տունկի մը կեղեւն է. ազնուագոյն տեսակը կու գայ Մալապարէ եւ Սէյլան կղզիէն։
30) ԿՆԻՒՆ եւ ՊՐՏՈՒ.- Յոբայ Ը 11։
«Կնիւն»ը խոտ մըն է, որ կը բուսնի ջրարբի տեղեր (Եսայեայ ԼԵ 7). թրքերէն «սազ» կը կոչուի։ «Պրտու»ն (Ելից Բ 3) Եգիպտական «պապիր»ն է, որ ութ կամ տասը ոտք բարձր կ՚ըլլայ, ծղօտն է եռանկիւնաձեւ եւ առանց տերեւի, բայց լայն եւ թփանման ծայրն է թաւ եւ ասուեղ։
(«Պապիր»=պապիրոս՝ եգիպտական բոյս՝ իբր թուղթ ծառայող։ «Ծղօտ»=բոյսի բուն, կոթ։ «Թուփ»=մացառ, ճիւղալից կարճ տունկ։ «Թաւ»=խիտ, հոծ։ Ասուեղ»=բրդոտ, բուրդէ կտորի նման)։
Այս տունկէն կը շինուէր նաւակ (Եսայեայ ԺԸ 2), փսիաթ (=«խսիր», տապաստ), չուան եւ ուրիշ ասոնց նման բաներ, իսկ ցողունէն կը շինուէր Եգիպտոսի հռչակաւոր թուղթը հետեւեալ կերպով։
Ցողունին ներքին մասը խաւ խաւ կը կտրուէր, եւ այն խաւերը տախտակի մը վրայ իրարու քով դրուելէ ետքը՝ սոսնձով կը փակցնէին։ Յետոյ այնպէս փակչած թերթերը մամլոյ («մամուլ»=ճնշելու, ճզմելու, պինդ բռնելու համար որեւէ գլան, գործիք կամ մեքենայ) տակ դնելով եւ չորցնելով իբրեւ գիրի թուղթ կը գործածէին։ Ահաւասիկ, ա՛յս էր Եգիպտոսի «պապիր»ը կամ «պապիրոս»ը։ Պրտուն կը գտնուի Նեղոս գետին կողմերը, Բաբելոնի մօտ եւ Հնդկաստան. (Յոբայ Ը 11):
31) ԿՈՐԵԱԿ.- Եզեկիէլ Դ 9։ Մանրահատ արմտիներէն է, եւ հասարակ է Արեւելքի մէջ։
(«Կորեակ»=«կորեկ»՝ մանր, ճերմակ կամ դեղին՝ ոսպաձեւ հունտերով բոյս մը։ Մեծահատը կը կոչուի՝ «գաւառս», որ դեղին կամ սեւ կորեկ է՝ խոշոր հատերով)։
32) ՀԱԼՈՒԷ.- Այս ծառը տակաւին կայ Հնդկաստանի մէջ եւ կը կոչուի՝ «Ակիլ», որուն փայտը շատ անուշահոտ է. Սաղմոսաց ԽԵ 8։
Ըստ արեւելեան աւանդութեան, այս ծառը Դրախտին ծառերէն մէ՛կն է. Թուոց ՆԴ 6։ Փայտը շատ ծանրագին էր, եւ կը գործածուէր մեռելի պատանի անուշահոտութիւն տալու համար։
33) ՀԻՆԱ.- «Հինա»՝ մազ գունաւորող հիւթը արտադրող թուփն է։ Երգ Երգոց Ա 14 եւ Դ 13 համարներուն մէջ յիշուած հոտաւէտ, եւ ծիրանածաղկի (=«լէյլակ») նման ծաղկալից փոքրահասակ թուփ մըն է։ Տերեւները Արեւելքի եւ Եգիպտոսի մէջ փոշիի վերածուելով կը գործածուին իբրեւ ներկ եղունգի եւ յօնքի։ Կ՚երեւի, թէ մատներու եղունգները ներկելու այս սովորութիւնը շատ հին էր եգիպտացիներու մէջ, քանզի ասոր նշմարանքը կը տեսնուի «մումիայ»ներու, մանաւանդ կիներու «մումիայ»ներու՝ զմռսուած մարմիններու եղունգներուն վրայ։ Ոմանք կը կարծեն, թէ այս սովորութիւնը կ՚ակնարկուի. (Բ Օրինաց ԻԱ 12) համարին մէջ…։
- Պիտի շարունակենք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 26, 2016, Իսթանպուլ