ԾԱՓԱՀԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔ
Պաքըրգիւղի Քառասուն Մանկանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի երիտասարդաց կազմը երէկ երեկոյեան փայլուն ելոյթով մը հանդէս եկաւ Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» դահլիճին մէջ։ Խմբավար Հրանդ Չիզմէճեանի մականին ներքեւ երիտասարդաց այս երգչախումբը երկրորդ անգամ ներկայացաւ մեր համայնքին եւ արդիւնքին արձանագրուեցաւ փայլուն յաջողութիւն մը, որ յոյս կը ներշնչէ Քառասուն Մանկանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի ապագային տեսակէտէ։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ իր ընկերները, Պաքըրգիւղի ընտանիքէն բազմաթիւ դէմքեր եւ հիւրեր։ Երեկոյթի յայտագիրը կը բաղկանար բազմաթիւ տոհմիկ երգերէ, որոնց ունկնդրութիւնը իսկապէս հաճոյք մը եղաւ բոլոր ներկաներուն տեսակէտէ։ Ունկնդիրները ջերմ ծափահարութիւններով փորձեցին խրախուսել երիտասարդաց այս երգչախումբը, որու կատարելագործման ուղղութեամբ խմբավար Հրանդ Չիզմէճեան կը ներդնէ լուրջ եռանդ ու ջանք չի խնայեր, որպէսզի պատանի երգիչները խորանան հայկական երաժշտութեան մէջ, հաղորդ դառնան անոր ճոխութեան։
Քառասուն Մանկանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդին անունով արտայայտուեցաւ Արէտ Սուսամ, որ բարձր գնահատեց Հրանդ Չիզմէճեանի կողմէ գործադրուած ջանքերը, նաեւ երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամի կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութեան շուրջ։
Համերգի եզրափակիչ հանգրուանին օրհնութեան խօսք մը արտասանեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Երիտասարդաց երգչախումբին եւ անով ոգեւորուած ամբողջ Պաքըրգիւղի ընտանիքին կողմէ ծաղկեփունջ մը պատրաստուած էր Թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրին համար։ Իր խօսքի աւարտին Հայր Սուրբը ատենապետին յանձնեց նաեւ այդ ծաղկեփունջը, քանի որ Մեսուտ Էօզտեմիրի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը միշտ կը խրախուսէ թաղի յարակից մարմիններուն աշխատանքը։
Երեկոյթի աւարտին ներկաները հրաժեշտ առին բարձր տրամադրութեամբ ու դրական տպաւորութիւններով՝ սպասելով երիտասարդաց այս երգչախումբի ապագայ համերգներուն։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024