ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒ

Չի­նաս­տա­նի ա­ռա­ջին փոխ-վար­չա­պետ Ճան Կաո­լիի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը այս օ­րե­րուն շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Հիւր փոխ-վար­չա­պե­տը ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի Զուարթ­նոց օ­դա­կա­յա­նին մէջ դի­մա­ւո­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Փոխ-վար­չա­պետ Վա­չէ Գաբ­րիէ­լեա­նի կող­մէ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Կաո­լի Ե­րե­ւա­նի մէջ կը հիւ­րըն­կա­լուի Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի կող­մէ։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Կաո­լիի շփում­նե­րուն շրջագ­ծով եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ պի­տի ստո­րագ­րուին շարք մը փաս­տա­թուղ­թեր, ո­րոնք կը նա­խա­տա­սեն երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը խթա­նել զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2016