ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՀԱՅՈՒՀԻ ՄԸ ԶՈՀՈՒԵՑԱՒ
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ երկրի հայութիւնը կը շարունակէ դիմագրաւել անբացատրելի ողբերգութիւններ։ Շաբաթավերջին Հալէպի մէջ ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումները հրթիռակոծեցին հայաբնակ Նոր Գիւղ թաղամասի բանջարեղէնի շուկան։ Բաց աստի, Սիւլէյմանիէ, Ազիզիէ եւ Համիտիէ շրջանները ենթարկուեցան յարձակումներու։ Կը հաղորդուի, որ 29 հոգի մահացած է, իսկ 40 հոգի վիրաւորուած։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սիւլէյմանիէ թաղամասին մէջ հրթիռի պայթումին զոհ գնաց 36-ամեայ հայուհի մը՝ Պեթի Ներսէսեան (1980)։ Վիրաւորեալներու շարքին ալ կը գտնուին չորս հայեր, որոնք են՝ Քաթրին Խաչոյեան, Լուսին Պարշիք, Նորա Սարգիս եւ Կարապետ Խաչոյեան։ Մարդկային կորուստներու առընթեր արձանագրուած են նիւթական մեծ վնասներ, քանդուած են բնակարաններ։
Բաց աստի, Տէր-Զօրի մէջ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ մղուող մարտերուն ընթացքին զոհուեցաւ Սուրիոյ բանակէն հայազգի զինուոր մը՝ Ճորճ Ասալ։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթավերջին խստօրէն դատապարտեց զինեալ խմբաւորումներու կողմէ Հալէպի հայաբնակ թաղամասերու շարունակական ռմբակոծումները, որոնք մարդկային զոհերու եւ աւերուածութիւններու պատճառ կը դառնան։ Երեւանի ղեկավարութեան մօտեցումով, Սուրիոյ ճգնաժամի կարգաւորման գործընթացէն ներս յառաջընթաց արձանագրելու հիմնական նախապայմանը ռազմական գործողութիւններու եւ բռնութեան անյապաղ դադրեցումն է։