ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԾ ԵՆ ԱՅՍ ԱՄՍՈՒԱՆ ՄԷՋ ԴԱՐՁԵԱԼ ՀԱՆԴԻՊԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Հայաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ հա­մա­ձայ­նած են այս ա­միս նոր հան­դի­պում մը ու­նե­նա­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Միջ­նորդ­նե­րը այս մա­սին տե­ղե­կա­ցու­ցին՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն՝ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի եւ Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ ան­ցեալ շա­բաթ ի­րենց ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րէն վերջ։ 

Միջ­նորդ­նե­րու հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ընդգ­ծուած է, որ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը նա­խա­րար­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցած են փաս­տա­թուղ­թեր՝ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի գրա­սե­նեա­կի լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը ընդ­լայ­նե­լու եւ ԵԱՀԿ-ի կող­մէ հե­տա­խու­զա­կան դրու­թիւն­ներ հաս­տա­տե­լու հար­ցին շուրջ։ Նա­խա­րար­նե­րը հաս­տա­տած են նա­խա­գահ­նե­րուն հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը՝ Յու­նի­սին ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն յա­ջորդ փու­լը՝ նպա­տակ ու­նե­նա­լով վերսկ­սիլ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը հա­մա­պար­փակ կար­գա­ւոր­ման շուրջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2016