ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան դէ­պի Թեհ­րան եր­կօ­րեայ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ՝ Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մու­համ­մէտ Ճեւատ Զա­րի­ֆի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Նալ­պան­տեան ե­րէկ ձեռ­նար­կեց Թեհ­րա­նի իր ծրագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան, իսկ այ­սօր կ՚ա­ւար­տէ իր շփում­նե­րը։ Ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Բա­ցի Մու­համ­մէտ Ճեւատ Զա­րի­ֆի հետ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րե­լէ, Նալ­պան­տեան ըն­դու­նուե­ցաւ նաեւ Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նիի կող­մէ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Նալ­պան­տեան Հա­սան Ռու­հա­նիին փո­խան­ցեց Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի պատ­գա­մը։ Քննար­կուե­ցան երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման եւ տա­րած­քաշր­ջա­նի ի­րադ­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Նալ­պան­տեան եւ Զա­րիֆ ստո­րագ­րե­ցին նաեւ երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ փաս­տա­թուղթ մը։ Հարկ է նշել, որ Նալ­պան­տեա­նի Թեհ­րան այ­ցե­լու­թիւ­նը զու­գա­դի­պե­ցաւ՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի մի­ջեւ վի­զա­նե­րու ջնջուե­լու վե­րա­բե­րեալ ո­րոշ­ման հրա­պա­րա­կուած օ­րե­րուն։

Միւս կող­մէ, Հա­սան Ռու­հա­նի կը պատ­րաս­տուի յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին այ­ցե­լել Պա­քու։ Մոս­կուա­յի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին, Հա­սան Ռու­հա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ պի­տի ու­նե­նան ե­ռա­կող­մա­նի հան­դի­պում մը, ո­րու վերջ­նա­կան ժամ­կէ­տը տա­կա­ւին պի­տի ճշդուի։

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2016