Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԵՒ ՔԱՐՈԶԵՑ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին մա­տու­ցուե­ցաւ ամ­րան շրջա­նի ա­ռա­ջին Ս. Պա­տա­րա­գը։ Օ­րուան պա­տա­րա­գիչն էր Կղզեաց հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ Ռո­պէր Սրկ. Քիւ­չիւ­քաք­պու­լու­թի։

Նախ­քան Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քը ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նա­կից հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ունկնդ­րե­ցին պա­տա­րա­գիչ Հայր Սուր­բին քա­րո­զին։ Ձմրան ա­միս­նե­րու ընդ­հա­տու­մէն վերջ ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­բա­ցուե­լուն, հո­գե­ւոր կեան­քի վե­րա­կեն­դա­նա­նա­լուն կա­պակ­ցու­թեամբ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց Հայր Սուր­բը, ո­րու քա­րո­զի բնա­բանն էր. «Մար­դու որ­դին շա­բա­թին տէրն է» (Մատթ.  12.8)։ Ան մէջ­բե­րեց Ս. Ներ­սէս մեծ հայ­րա­պե­տի վար­քէն հա­տուած մը եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը հրա­ւի­րեց դի­մե­լու ա­նոր բա­րե­խօ­սու­թեան։

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016