ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՏՆՕՐԷՆԸ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Ա­մե­րի­կա­յի Հայ ա­ւե­տա­րան­չա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թեան գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Զա­ւէն Խան­ճեանն ու իր կո­ղա­կի­ցը, ո­րոնք այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լեն քա­ղաքս։ Հիւ­րե­րը Պատ­րիար­քա­րան այ­ցե­լե­ցին ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Կէ­տիկ­փա­շա­յի Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­պա­տուե­լի Գրի­գոր Ա­ղա­պա­լօղ­լուի։

Հարկ է նշել, որ 1918 թուա­կա­նին հիմ­նուած ըն­կե­րակ­ցու­թեան հիմ­նա­կան նպա­տա­կը ե­ղած է Ե­ղեռ­նէն վերջ զօ­րակ­ցիլ հայ ըն­տա­նիք­նե­րուն։ Ներ­կա­յիս ըն­կե­րու­թիւ­նը կը նպաս­տէ մտա­ւոր եւ հո­գե­ւոր զար­գաց­ման բնոյ­թով ծրագ­րե­րու աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէն ներս։ Քսան­չորս եր­կիր­նե­րու մէջ մաս­նա­ճիւ­ղեր ու­նի ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը, ո­րուն կեդ­րո­նը կը գտնուի Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ։ Գոր­ծա­դիր տնօ­րէ­նը Իս­թան­պու­լի կե­ցու­թեան օ­րե­րուն փա­փա­քած է քա­ղա­քա­վա­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տալ Գում­գա­բու։

Ե­րէ­կուան հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ող­ջու­նեց հիւ­րե­րը եւ ամ­փոփ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տուաւ թրքա­հայ հա­մայն­քա­յին կեան­քի ներ­կա­յին շուրջ։ Հիւ­րե­րը գո­հու­նակ տպա­ւո­րու­թեամբ հրա­ժեշտ ա­ռին Պատ­րիար­քա­րա­նէն՝ գո­հա­ցու­ցիչ պա­տաս­խան­ներ ստա­ցած ըլ­լա­լով ի­րենց հար­ցում­նե­րուն։ Ծ. Խ.- Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րէն հե­տաքրք­րուե­ցանք, թէ Զա­ւէն Խան­ճեա­նի ե­րէ­կուան այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին «Քամփ Ար­մէն»ի նիւ­թին շուրջ ո­րե­ւէ ծրա­գիր քննար­կուա՞ծ է, կամ ոչ։ Ըստ մե­զի փո­խան­ցուած տե­ղե­կու­թեան, միայն շատ մա­կե­րե­սա­յին ակ­նարկ մը կա­տա­րուած է այս նիւ­թին։ Զա­ւէն Խան­ճեան ան­ցեալ տա­րե­վեր­ջին Ե­րե­ւան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան մը ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ քննար­կած էր այս հար­ցը։ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցու­ցած էր, որ 6 Նո­յեմ­բեր 2015 թուա­կա­նին ան տե­սակ­ցած էր Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի հետ։ Նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցած էին, որ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին քննար­կուած էր «Քամփ Ար­մէն»ի վե­րա­կա­ռուց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Սա գրե­թէ միակ պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դումն էր՝ Հայ ա­ւե­տա­րան­չա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թեան «Քամփ Ար­մէն»ի ա­պա­գա­յին վե­րա­բե­րեալ մտադ­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Մինչ այդ, քա­ղա­քիս մէջ ալ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ներս ո­րո­նում­ներ խնդրոյ ա­ռար­կայ են «Քամփ Ար­մէն»ի ա­պա­գա­յին հա­մար։ Կա­մա­ւոր­ներ, հե­տաքր­քիր­ներ հա­սա­րա­կա­կան հի­մունք­նե­րով մթնո­լորտ մը ստեղ­ծել, գոր­ծըն­թաց մը հա­սունց­նել կը ջա­նան այս կա­պակ­ցու­թեամբ։ Հե­տաքրք­րա­կա­նը այն է, որ ցարդ  Վե­րա­պա­տուե­լի Գրի­գոր Ա­ղա­պա­լօղ­լու կամ Կէ­տիկ­փա­շա­յի Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նու­նով ո­րե­ւէ պաշ­տօ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ հան­րա­յին կար­ծի­քին նուա­զա­գոյն բա­ցատ­րու­թիւն մը չէ տուած այս նիւ­թին շուրջ։ Իս­կա­պէս շատ օգ­տա­կար քայլ մը կ՚ըլ­լայ, ե­թէ Զա­ւէն Խան­ճեա­նի Իս­թան­պուլ այ­ցե­լու­թիւ­նը վե­րա­ծուի ա­ռի­թի մը՝ որ­պէս­զի պաշ­տօ­նա­կան յա­պա­ղած լու­սա­բա­նու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցուին մեր մա­մու­լին եւ հան­րա­յին կար­ծի­քին։

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016