ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԱՐՁԱՆԸ
Պատրիարքարանի պատմական համալիրէն ներս անցեալ շաբաթավերջին տեղադրուեցաւ մեծն Կոմիտաս Վարդապետի նորակերտ արձանը։ Պարտէզին մէջ պատուանդանի մը վրայ զետեղուած այս արձանը արդէն կերպարանափոխած է թրքահայոց հոգեւոր կեդրոնին մթնոլորտը։
Մեր ծանօթ արուեստագէտներէն, վասատակաւոր քանդակագործ Էրօլ Սարաֆեան վերջին շրջանին աշխատանք կը տանէր Կոմիտաս Վարդապետի արձանը պատրաստելու ուղղութեամբ։ Ստեղծագործական խտացեալ աշխատանքէ մը վերջ Էրօլ Սարաֆեան պատրաստեց այդ արձանը, որ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ տեղադրուեցաւ Գումգաբուի մէջ։ Էրօլ Սարաֆեան արձանը պատրաստելէ վերջ անոր զետեղման վայրին վերաբերեալ որոշումը թողած էր Պատրիարքական Աթոռին, իսկ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան տնօրինեց արձանին տեղադրումը Պատրիարքարանի համալիրէն ներս։
Կոմիտասի արձանին պատուանդանի մարմարը յատկացուցած է համայնքային բարերարներէն Եթքին Պէրպէրօղլու։ Պատուանդանի գեղարուեստական ձեւաւորումը իրականացուցած է Վազգէն Պարըն, որ միեւնոյն ժամանակ վերահսկած է արձանի տեղադրման աշխատանքները։
Այսպէսով Էրօլ Սարաֆեանի կողմէ ստեղծագործուած եւ համայնքային միջավայրերու մէջ տեղադրուած կիսանդիրներու եւ արձաններու շղթային վրայ եկած է աւելնալ նոր ու կարեւոր օղակ մը։ Մեր անցեալի վառ անհատականութիւններուն յիշատակը հաւաքական մեր կեանքէն ներս իրեն շնորհիւ կ՚անմահանայ, կը դառնայ մշտական ներկայութիւն, ինչ որ չափազանց կարեւորութիւն կը ներկայացնէ մերօրեայ սերունդները իրենց հարազատ ժառանգութեան հաղորդ պահելու տեսակէտէ։