ՄԵԾ ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԻՒՆ

Թրքա­կան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը՝ հե­ռուս­տա­կա­յան­ներ ու թեր­թեր, եր­կու օ­րէ ի վեր ար­ձա­գանգ կը հան­դի­սա­նան «Ռու­բէն Սէ­մէր­ճեան» միջ­միու­թե­նա­կան պաս­քե­թպո­լի մրցա­շար­քին շրջագ­ծով ապ­րուած մեծ գայ­թակ­ղու­թեան մը։ Այս տա­րի հեր­թա­կան ան­գամ կազ­մա­կեր­պուած մրցա­շար­քը սկսած է ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին։ Եր­կու ա­սո­րի մար­զիկ­նե­րու՝ Ճէմ Քը­րըլ­մա­զի եւ Ճէմ Թի­միր­ճիի մաս­նակ­ցու­թեան բե­րու­մով յա­ռա­ջա­ցած են խնդիր­ներ, ո­րոնք դժբախ­տա­բար ան­կա­ռա­վա­րե­լի հու­նի մը մէջ մտած են՝ կար­գա­դիր յանձ­նա­խու­մբի ան­հե­ռա­տես ու սի­րո­ղա­կան քայ­լե­րուն հե­տե­ւան­քով։ Ար­դիւն­քը այն է, որ միջ­միու­թե­նա­կան մրցա­շար­քի կազ­մա­կերպ­չա­կան թե­րու­թիւն­նե­րը ա­մօ­թա­լի մա­կար­դա­կի մը վրայ կը գտնուին եւ հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ ար­ձա­գանգ գտած ցա­ւա­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը դժբախ­տա­բար պա­տիւ չեն բե­րեր մեր հա­մայն­քին։

Ճէմ Քը­րըլ­մազ եւ Ճէմ Թի­միր­ճի յայ­տա­րա­րած են, որ մրցա­շար­քէն ար­տաք­սուած են ի­րենց ա­սո­րի ար­մատ­նե­րուն բե­րու­մով։ Ինչ մեղք, որ համ­բակ գոր­ծիչ­նե­րու ինք­նագ­լուխ եւ ան­հե­ռա­տես կար­գադ­րու­թիւն­նե­րուն բե­րու­մով ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն մեր հա­մայն­քին, մեր սա­նուց միու­թիւն­նե­րու ճակ­տին կը քսուի այ­լա­տեա­ցու­թեան մու­րը։ Իս­կա­պէս ա­մօ­թա­լի ու ցա­ւա­լի այս ե­րե­ւոյ­թին կա­պակ­ցու­թեամբ ո­րե­ւէ յայ­տա­րա­րու­թիւն կա­տա­րե­լէ ձեռն­պահ կը մնայ կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բը, ո­ր նոյ­նիսկ այս մրցա­շար­քի սկիզբը չէ տե­ղե­կացուցած հան­րա­յին կար­ծի­քին։

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016