ԷՍԱԵԱՆԻ ՅՈԲԵԼԵԱՐ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի տա­րե­կան բա­ժա­կի օ­րուան ծրագ­րին եզ­րա­փա­կիչ փու­լը նա­խըն­թաց օր մեծ խան­դա­վա­ռու­թեան ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ՝ ան­ցեա­լի ու ներ­կայ սա­նե­րու հա­մախմ­բու­մով։ Վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը հան­դէս մը կազ­մա­կեր­պեց այս տա­րուան յո­բե­լեար շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հա­մար։ Դպրո­ցի պար­տէ­զին մէջ հա­մախմ­բուած շրջա­նա­ւարտ­նե­րը կէ­սօ­րին միաս­նա­բար ճա­շե­ցին, իսկ ա­ւե­լի վերջ դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ հա­մախմ­բուե­լով հե­տե­ւե­ցան այժ­մու ա­շա­կերտ­նե­րուն կող­մէ ի­րենց հա­մար պատ­րաս­տուած յայ­տագ­րին։ Մե­րօ­րեայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հետ շփման ա­ռի­թը ե­զա­կի էր յո­բե­լեար շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հա­մար։

Յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան ա­ւար­տին յո­բե­լեար շրջա­նա­ւարտ­նե­րը վերս­տին հա­մախմ­բուե­ցան դպրո­ցի պար­տէ­զին մէջ, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տով զրոյց։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016