ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՉՈՐՐՈՐԴ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍԸ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ չորրորդ դասարանի աւարտական հանդէսը։ Դպրոցէն ներս չորրորդ դասարանը կ՚անուանուի «Մեղուներ» եւ անոնք արդէն աւարտած են պարտադիր կրթութեան ժամանակաշրջանի առաջին հանգրուանը։ «Մեղուներ»ու դէպի միջնակարգ ճանապարհորդութիւնը Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ նշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։
«Մեղուներ»ու դասարանի հանդէսին առթիւ դպրոցի սրահն ու բեմը զարդարուած էին գոյնզգոյն ծաղիկներով, մեղուներով եւ աշակերտներու նկարներով։ Սրահին մէջ միեւնոյն ժամանակ ցուցահանդէս մը բացուեցաւ՝ աշակերտներու ձեռական աշխատանքներու եւ գծագրութիւններու ներկայացումով։
Ձեռնարկին ներկայ էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ իր ընկերները, Արամեան-Ունճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սէրթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, ծնողներ եւ հիւրեր։
Յայտագրի սկիզբին «Մեղուներ»ը խմբային արտասանութիւնով մը ողջունեցին հանդիսատեսները։ Դասարանի ուսուցչուհի Վերա Հեմենկիւլի սրտի խօսքէն վերջ տղաքը հանդէս եկան զանազան ելոյթներով՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Յանուն «Մեղուներ»ու ծնողներուն ելոյթ մը ունեցաւ Սօնա Անդրէասեան, որ խոր շնորհակալութեան զգացումներ արտայայտեց։ Եզրափակիչ հանգրուանին արտայայտուեցան Թալին Պէրպէրօղլու եւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որոնք շնորհաւորեցին աշակերտները եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեցին իրենց ուսման շարունակութեան համար։ Հանդէսի աւարտին «Մեղուներ»ուն յանձնուեցան յուշանուէրներ։
Աւելի վերջ հատուեցաւ կարկանդակ մը եւ յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին «Մեղուներ»ը շրջապատուեցան ջերմօրէն։
Այս հանդէսին պատրաստութիւնները վերահսկած էին ուսուցչուհիներ՝ Վերա Հեմենկիւլ, Մուհլիս Շահին, Թալին Թալասօղլու-Սալթըքլը, Գարին Քիւչիւքօղլու, Թայիս Պուտաք, Սումրու Էքշիօղլու, Գարին Քէօքճեան-Թաշքըն, Եւգինէ Ինճիտիւզէն եւ Քրիստին Տելլալօղլու։