Քիմ Քարտաշեան Դարձած է «Լոս Անճելըսի Մանկական Հիւանդանոցի Պատուաւոր Հայ Դեսպան»

Քիմ Քար­տա­շեան վեր­ջերս ար­ժա­նա­ցած է յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թեան՝ Լոս Ան­ճե­լը­սի ման­կա­կան հի­ւան­դա­նո­ցին օգ­նե­լու հա­մար:

Հի­ւան­դա­նո­ցի նա­խա­գահ Փոլ Վի­վիա­նոն՝ «Լոս Ան­ճե­լը­սի ման­կա­կան հի­ւան­դա­նո­ցի պա­տուա­ւոր դես­պան­ներ»ուն հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ՝ Քիմ Քար­տա­շեա­նին նուի­րած է  յու­շա­տախ­տակ մը: Քիմ Քար­տա­շեան նաեւ ճանչ­ցուած է «Լոս Ան­ճե­լը­սի ման­կա­կան հի­ւան­դա­նո­ցի պա­տուա­ւոր հայ դես­պան»:

Յա­տուկ հիւ­րե­րու շար­քին էր նաեւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան: Քիմ Քար­տա­շեան նշած է, թէ ու­րախ է, որ իր աշ­խա­տան­քը գնա­հա­տուած է հայ հա­մայն­քին ու հի­ւան­դա­նո­ցին կող­մէ։ 35-ա­մեայ հա­յու­հին ար­դէն ութ տա­րիէ ի վեր կ՚այ­ցե­լէ հի­ւան­դա­նոց եւ օգ­նու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ:

«Լոս Ան­ճե­լը­սի ման­կա­կան հի­ւան­դա­նո­ցի հայ դես­պան­նե­րու խում­բը» հա­յե­րու խումբ մըն է, ո­րոնք կ՚ա­ջակ­ցին հի­ւան­դա­նո­ցին՝ ստեղ­ծե­լով ա­ռողջ ա­պա­գայ ե­րա­խա­նե­րուն հա­մար:

Ուրբաթ, Յունիս 10, 2016