Կիրակի 12, Յունուար 2025
ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ՄԸ ԵՒՍ ԶՈՀՈՒԵՑԱՒ
Հալէպի մէջ դաւադիր հրասանդի մը պայթիւնին հետեւանքով, ծառայութեան պատնէշի վրայ նահատակուեցաւ Ռաֆֆի Պըչաքճեան։ Այս մասին կը յայտնէ «Գանձասար»ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան։
Յիշեցնենք, որ վերջին շաբաթը հայաշատ Նոր գիւղ, Սուլէյմանիէ եւ Ազիզիէ թաղամասերը զինեալ ահաբեկիչներու կողմէ կը հրթիռակոծուին, որուն հետեւանքով զոհուած էին Վազգէն Ճապաղջուրեան, Լեւոն Քէլխաչերեան, Յովսէփ Ջանեցեան, Խաչիկ Ապուլապութեան։ Աւելի ուշ զոհուեցաւ նաեւ Պեթի Ներսէսեան։
Մարդկային կորուստներուն կողքին արձանագրուեցան նիւթական մեծ վնասներ, քանդուեցան բնակարաններ։
Շաբաթ, Յունիս 11, 2016