ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի ընթացաւարտ աշակերտներն ու իրենց ծնողները։ Խումբը առաջնորդեցին Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան յայտնեց, թէ Գատըգիւղի եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերը, վարժարանի եւ ծնողներու համագործակցութեամբ, թաղէն ներս կը ջանան հաստատել նախընթաց մը, որպէսզի դպրոցի ընթացաւարտ աշակերտներն ու ծնողները այցելութեան փութան Գումգաբու, հաղորդ դառնան համայնքի հոգեւոր կեդրոնի խորախորհուրդ մթնոլորտին եւ ուսման նոր հանգրուանի մը ընդառաջ ստանան օրհնութիւն։ Աւելի վերջ աշակերտները մի առ մի ներկայացան Նորին Սրբազնութեան, որ հայրական վերաբերմունքով ողջունեց զիրենք։ Ընդհանուր Փոխանորդը գնահատանքով արտայայտուեցաւ գատըգիւղցիներու սոյն մտադրութեան շուրջ եւ կարեւորեց վերաբերմունքը ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները համայնքային վարժարան առաջնորդած են՝ հայեցի դաստիարակութեան ակնկալութեամբ։ Ան աշակերտներուն յաջողութիւն մաղթեց իրենց ուսման յառաջիկայ տարիներուն համար։
Ընդունելութեան աւարտին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան աշակերտներուն ի յիշատակ նուիրեց Պատրիարքարանի հրատարակութենէն նմոյշներ եւ խաչեր։ Նորին Սրբազնութենէն հրաժեշտ առնելէ վերջ, Հայր Սուրբին ուղեկցութեամբ խումբը շրջայց մը կատարեց Պատրիարքարանի համալիրէն ներս՝ ստանալով ամփոփ տեղեկութիւններ։