Չորեքշաբթի 27, Նոյեմբեր 2024
Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Սլովաքիոյ նորանշանակ դեսպան Փեթէր Փրիփութէնը, որու մշտական նստավայրը կը գտնուի Մոսկուայի մէջ։ Հարկ է նշել, որ Փրիփութէն երէկ հիւրնկալուեցաւ նաեւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ, որուն յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Մայր Աթոռի մէջ տեղի ունեցած տեսակցութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ երկու ժողովուրդներու բարեկամական ամուր կապերուն, որոնք խարսխուած են քրիստոնէական ընդհանուր արժէքներուն վրայ։ Զրուցակիցները ուշադրութեան առարկայ դարձուցին նաեւ 2015-ի տարելիցը։
Շաբաթ, Մարտ 7, 2015
Եկեղեցական
- 11/27/2024