ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԼՐԱԳՐՈՂ ՄԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԵԼՈՒ ՈՒԹ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻՒՆ

Ա­մե­րի­կեան Houstonia կայ­քի լրագ­րող Պիլ Վիաթ­րա­ք հրա­պա­րա­կած է յօ­դո­ւած մը Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի մա­սին` ա­ռանձ­նաց­նե­լով այն ութ հիմ­նա­կան պատ­ճառ­նե­րը, ո­րոնց հա­մար կ՚ար­ժէ այ­ցե­լել այս եր­կիր­նե­րը: Ըստ «Ար­մէնփ­րէս»ի, լրագ­րո­ղը, որ այ­ցե­լած է Ծաղ­կա­ձոր, կը նշէ, թէ ի­րեն պար­զա­պէս զար­մա­ցու­ցած է այս եր­կիր­նե­րու հիւ­րըն­կա­լու­թիւ­նը եւ այն հիաս­քանչ տե­սար­ժան վայ­րե­րը, ո­րոնց կա­րե­լի է հան­դի­պիլ, ե­թէ մէջդ կայ քիչ մը ար­կա­ծախնդ­րու­թիւն:

Անդ­րա­դառ­նա­լով այն ութ հիմ­նա­կան ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք բնո­րոշ են տո­ւեալ եր­կիր­նե­րուն, Վիաթ­րա­ք նախ կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու քա­ղա­քա­ցին կրնայ այս­տեղ յայտ­նո­ւիլ ա­ռանց ո­րե­ւէ վի­զա­յի անհ­րա­ժեշ­տու­թեան` պար­զա­պէս օ­դա­կա­յան եր­թա­լով եւ հա­տե­լով սահ­մա­նը:

Որ­պէս երկ­րորդ ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն ան կը խօ­սի հա­մաշ­խար­հա­յին ժա­ռան­գու­թեան մաս կազմող յու­շար­ձան­նե­րու առ­կա­յու­թեան մա­սին: Լրագ­րո­ղը կը փաս­տէ, որ տար­բեր վա­նա­կան հա­մա­լիր­ներ մտնե­լը ու շրջի­լը մե­ծաւ մա­սամբ անվ­ճար է, իսկ վճա­րելու առ­կա­յու­թեան պա­րա­գա­յին ալ այն չի գե­րա­զան­ցեր 2 տո­լա­րը:

Եր­րորդ ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւ­նը ա­ժան ինքնաշարժ վար­ձե­լու հան­րա­ւո­րու­թիւնն է: «Եւ­րո­պա­յի մեծ մա­սին մէջ դուն կը ծախ­սես կրկնա­կի կամ ե­ռա­կի ա­ւե­լի գու­մար, քան այս­տեղ: Ինքնաշարժնե­րը դիւ­րին է վար­ձել, եւ քա­նի մը կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ թոյլ կու տան վա­րել ի­րենց ինքնաշարժ­նե­րը երկ­րին մէջ, ե­թէ դուն չես փափաքիր օգ­տո­ւիլ հա­սա­րա­կա­կան փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րէն», կը գրէ լրագրող Վիաթ­րա­ք:

Չոր­րորդ ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւ­նը լեռներու վրայ սա­հե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւնն է: Լրագ­րո­ղը կը շեշ­տադ­րէ Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ առ­կայ ինչ­պէս լաւ պայ­ման­նե­րը, այն­պէս ալ ա­նոնց մատ­չե­լիու­թիւ­նը:

Որ­պէս հին­գե­րորդ իւ­րա­յատ­կու­թիւն ան կ՚ա­ռանձ­նաց­նէ ու­տե­լի­քը, մաս­նա­ւո­րա­պէս կը խօ­սի վրա­ցա­կան խա­չա­պու­րի­նե­րու եւ հայկական քո­նեաք­նե­րու մա­սին:

Վե­ցե­րորդ ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւ­նը մար­դոց հիւ­րըն­կա­լու­թիւնն ու բա­րե­համ­բոյր ըլ­լա­լու կա­րո­ղու­թիւնն է: Վիաթ­րա­ք կը փաս­տէ, որ ամէն վայր, ուր ան գա­ցած է, ի­րեն ցու­ցա­բե­րած են ջերմ ըն­դու­նե­լու­թիւն:

Որպէս եօթներորդ կարեւոր փաստ ա­մերի­կացի լրագրոցը կը խօսի վրացական գինիի մասին՝ նշելով, որ ան թէ՛ աժան է եւ թէ մատչելի:

Եւ վերջապէս, Հայաստան եւ Վրաստան այցելելու համար Վիաթրաք կը նշէ, որ հնարաւոր է ատիկա ընել աժան թռիչքներու միջոցով:

Ուրբաթ, Մարտ 6, 2015