Նոր Հայու Տեսակ՝ Ֆէյսպուքահայ
Կարծես տրամադրութիւն ըսուածը, սանկ, տեսակ մը «բան» մըն է, որ շատ բարակ թելէ մը կախուած կ՚ըլլայ, եւ որ անախորժ լուրով եւ կամ վիճաբանութիւնէ մը ծնունդ առած ցնցումով մը կրնայ շուտով փրթիլ ու իյնալ եւ պատճառ դառնալ, որ դուն ըլլաս անտրամադիր, մտահոգ, անխօս, լուռ եւ՝ շրջապատէդ կամաւոր ձեւով անջատուած:
Ես ալ նման իրավիճակի մէջ էի այդ առաւօտ: Չեմ գիտեր՝ ինչո՞ւ: Ուստի փորձեցի համակարգիչիս դիմաց նստիլ ու դիմատետր-«ֆէյսպուք»ովս կապուիլ բարեկամներուս հետ՝ անաղմուկ: Թերեւս փոխուէի: Չեմ յիշեր, որքան ժամանակ այսպէս մնացած էի մեղաւորի դէմքով, օտար լուրերուն անձնատուր, խառնակ յոյսերով եւ շփոթ միտքերով: Միայն այն գիտեմ, որ ես ինծի չէի: Մտահոգ նայուածք մըն ալ ունէի: Կարծես երկար լռութիւններով սկսած էի ես ինծի հետ խօսիլ: Հաստատապէս ինծի չէր վայելեր նման կերպար: Յանկարծ, ո՜վ հրաշք, դուրսէն ութ տարեկան մեր թոռնուհիին ուրախ պոռչտուքը լսեցի: Պատերէն ներս ձայնը ալիք տալով՝ հասած էր մինչեւ սենեակս:
Այսօ՞ր, այս ժամո՞ւն: Խէր ըլլայ: Շուտով յիշեցի: Դպրոցական արձակուրդներէն մէկն էր ու մեր Վանան որոշած էր մեզի՝ իր պապիկին ու նանիին մօտ մնալ: Քանդուած ու նոյնիսկ փշրուած տրամադրութիւնս յանկարծ վերակենդանացաւ: Շունչ մը քաշեցի, եւ ապրելու երջանկութիւնը զգացի երակներէս ներս: Աչքերս փայլեցան: Աշխարհս փոխուեցաւ: Դէմքս նոր գոյն ստացաւ ու շուրթերուս նստաւ լայն ժպիտը: Յստակ էր, որ օրը ախորժելի շարունակութիւն կը խոստանար:
Պապիկ ըլլալ. իսկապէս ի՜նչ լաւ բան է: Հաւատացէ՛ք:
Ուստի արագ մը սենեակէս ներս զինք դիմաւորելու համար ոտքի ելայ, բայց ինք արդէն ինձմէ առաջ շարժելով, դուռը արագ մը բանալով, նոյնքան համարձակ «պապի՜կ» պոռալով՝ վազեց գիրկս: Հիմա հաստատապէս սենեակիս մթնոլորտին մէջ նոր բան մը խառնուած էր, որուն անունը կարօտ էր: Գրկախառնուեցանք երկար եւ ամուր: Կարծես տարիներով զիրար չէինք տեսած: Չէինք հանդիպած: Չէինք խօսած: Մինչ ինք ինքնագոհ կը բազմէր աթոռիս վրայ, ես անհամբեր կը սպասէի իր հարցումներուն: Մեզի հետ ըլլալու սէրը աչքերուն մէջ կը շողար:
-Պապիկ ի՞նչ կ՚ընես, նորէն «ֆէյսպուք» բացած ես. նորէն պիտի կարդաս եւ պիտի գրե՞ս, ո՞վ է այս մարդը. որո՞ւ հետ կը խօսիս, ասիկա ի՞նչ է:
Ծարաւ եւ սուր հետաքրքրութիւն: Եկուր եւ բացատրութիւն տուր: Կինս չէր բաւեր, հիմա այս մէկը: Հաճելի եւ ուրախանալի: Աչքերուն մէջ դարձեալ նկատեցի ազնիւ որոնում մը, եւ ըստ սովորութեան, բոլոր հարցերուն անկաշկանդ մօտենալու կամք: Ինծի համար համարձակ եւ նոյնքան ալ մտածող աղջիկ մըն էր Վանան: Ուստի աթոռ մը քաշելով՝ նստայ իր մօտ եւ պատրաստուեցայ իր հարցումներուն պատասխանելու: Հիմա հետն էի: Ինքզինքս լաւ կը զգայի: Խօսիլ սկսայ: Սակայն յանկարծ աչքիս տակէն նկատեցի, որ գլուխը անհոգ սկսած էր շարժել: Դժգոհանքի նշան էր: Հանաւաբար մտքին մէջ ուրիշ «բաներ» շար-ւած էին: Դէմքէն յայտնի էր:
Իմ կարգիս, այդ վայրկեանին վերջին դէպքը յիշեցի: Պատահարը թարմ էր մտքիս մէջ, ականջներուս մէջ ալ՝ կնոջս խնդուքը: Այսպէս, անցեալ շաբաթավերջին էր, երբ սեւաչեայ գանգուռ մազերով մեր Վանան ուզած էր իրեն հետ ես ալ իր պուպրիկներով «դպրոց-դպրոց» խաղայի: Արդէն ինք պաշտօնները ճշդած էր: Ինծի կը մնար միայն հնազանդիլ: Դպրոցի տնօրէնուհին ինք պիտի ըլլար եւ ես ալ երգի «օրիորդ պապիկը» եւ «անկենդան» աշակերտներուն պիտի սորվեցնէինք շաբաթօրեայ մեր վարժարանէն իր նոր սորված Վարդանանց երգը:
Ինք նախ դիմացս շարեց բոլոր պուպրիկները՝ իրենց հայկական անուններով, եւ ապա սկսաւ խօսիլ անոնց եւ երգը բացատրել: Երեւակայեցէ՛ք, ես այս տարիքիս եւ՝ պուպրիկներ: Ապա երգին բառերը կրկնեց եւ յետոյ սկսաւ իր անուշ ձայնով երգել ու դառնալով «աշակերտներուն» հրամայեց, որ իրենք ալ երգեն: Ուղղակի երգի օրիորդ: Ահա՛ քեզի պատմութիւն: Ոչ մէկ ձայն: Յետոյ, իբրեւ ամենէն չարուկը, Յովիկ անունով պուպրիկ-աշակերտը ինծի տուաւ ու թելադրեց, որ լաւ հսկեմ: Այսքանով ալ չվերջացանք: Ժամացոյցին նայեցաւ: Գլուխը կրկին շարժեց եւ ըսաւ, որ ինք «օֆիս» պիտի երթայ եւ Յովիկին մօրը հետ այսօրուան անոր «ըրածներուն» մասին խօսելու: Ու հեռացաւ: Մնացի շուարած: Ես ու անխօս ինը պուպրիկները: Ուսուցիչը ես էի, ուրեմն պէտք էր որ տնօրէնի հրահանգին հնազանդէի: Բայց ի՞նչ ընէի: Ի՞նչ կրնայի ընել, երբ այդ Յովիկ ըսուածը գիրկս էր, իսկ միւսները աթոռներուն վրայ շարուած, անխօս զիս կը դիտէին: Անկեղծօրէն մանկութեանս խաղալիք չէի ունեցած: Միայն հինցած ու անիւները փրթած, մեծ եղբօրմէս ինծի յանձ-նուած պզտիկ «օթօ» մը: Աղջիկ ալ չէի, որ գիտնայի, թէ ինչպէս կը խաղան կամ կը խօսին պուպրիկին հետ: Քոյր ալ չէի ունեցած: Իսկապէս շուարած էի: Համբերեցի: Սպասեցի շուրջ հինգ-տաս վայրկեան եւ մեր տնօրէնուհիէն ոչ մէկ ձայն: Ստիպուեցայ զինք մօտս կանչելու: Դարձեալ ոչ մէկ պատասխան: Ուստի Յովիկը գրկած՝ իր «օֆիսը» գացի: Միայն կինս չտեսնէր այս վիճակս: Մտայ մեր նստասենեակը: Աստուած իմ, ի՞նչ տեսնեմ: Մեր «տնօրէնուհին»՝ բազկաթոռիս մէջ նստած՝ անհոգ ու հանգիստ «թի վի»ի իր յայտագիրը կը դիտէ: Ջղայնութենէս բարձրաձայն բողոքեցի:
-Աղջի՛կ, դուն հոս ի՞նչ կ՚ընես:- Զգացի, որ արդէն բարկացած կը պոռամ: Հոգս չէր:
-Պապի՛կ, համբերէ՛, Յովիկին մամային «թելեֆոնին» կը սպասեմ, հիմա կու գամ, գնա՛,- ըսաւ զիս համոզելու եւ ինքզինք արդարացնելու եղանակով մը:
-Քեզի՛ ալ, Յովիկի՛դ ալ, Յովիկին մամային ալ,- ըսի աւելի բարձրաձայն եւ իրապէս ջղային եւ արագ մը սենեակս անցայ:
Առ՛ քեզի նորութիւն: Մեր տան խաղաղութիւնը շոգիացած էր արդէն: «Տնօրէնուհիս» սկսած էր «մէկ ձայնի» վրայ բարձրաձայն լալ: Հիմա եկուր եւ լռեցուր ու միաժամանակ այս տեսարանին ականատես կնոջս խնդուքն ու կշտամբանքներուն վկան եղիր: Որոշեցի սենեակիս դուռը կղպել ու ա՛լ մտիկ չընել իր աղաչանքներուն: Այսչա՛փ:
Իսկ այսօր: Հիմա: Դարձեալ նոյն յանկերգը: Սենեակին մէջ, ֆէյսպուքիս դիմաց. «պապի՛կ, եկո՛ւր նորէն խաղանք» մը լսեցի աղաչական:
Է՜հ աշխարհ: Մարդ այս դարուն պէտք է ծնած ըլլայ եւ ոչ թէ անցեալ:
-Այս անգամ նանիիդ հետ խաղա՛, այսօր անոր կարգն է,- ըսի համոզիչ ու փորձեցի այդ «փորձանքէն» դարձեալ ազատիլ: Կրկին խնդրեց: Մերժեցի: Գիրք կարդալ առաջարկեցի: Այս անգամ ինք մերժեց: Չեղաւ: Չյաջողեցայ համոզել: Յանկարծ տեղէն շարժեցաւ: Յօնքերը ծուռ դարձան, ուսերը վեր վար ելան իջան ու քիթին տակէն դժգոհանքի բաներ մըն ալ մրթմրթալով` դէպի դուռ յառաջացաւ:
-Ի՞նչ եղաւ նորէն,- ըսի բարձրաձայն:
-Մի՛ խօսիր հետս,- ես նեղուած եմ,- ըսաւ ու քալեց դէպի դուռ:
-Եկո՛ւր, ի՞նչ կ՚ուզես, ըսէ՛, պապիկէն չեն նեղուիր, ըսի ցած ու համոզիչ ձայնով մը:
Անօգուտ: Դուռը բացաւ ու դուրս ելաւ տխուր ու մտահոգ հերոսի նման, աշխարհ մը տանելով իրեն հետ: Յայտնի էր, որ ուրախութիւնս ապրած էի կարճ պատմութեան մը նման: Յստակ էր նաեւ, որ կեանքի մէջ ամէն ինչ ժամանակաւոր եւ պատահական է: Խանդավառութիւնս հալած էր: Չորցած: Կրկին անորոշն ու անորոշութիւնը զիս կլանած էին: Մինչ ինք դուրսը արդէն սկսած էր կնոջս իմ մասին իր գանգատները շարել, իրարու ետեւ:
-Պապիկը ինծի հետ չ՚ուզեր խաղալ. …ֆէյսպուքով կը խօսի… Նանի՛, իրեն ըսէ՛:- Յստակ էր, որ խեղճին ձայնը երկար լացէն քաշուած էր արդէն:
-Նանի՛, հաճի՛ս, ըսէ՛ իրեն, բարկացի՛ր,- կ՚աղաչէր մեր աղջիկը:
Այս մէկը պակաս էր, ըսի մտովի: Իրապէս, որ այս տեսարանը ինծի համար վիրաւորական: Օգնութիւն խնդրելը ջիղերուս «նստած» էր: Օգնութիւն՝ մանաւանդ կնոջմէս: Դաւաճանութիւն: Ինք հիմա պապիկէն նեղուելով՝ «գետին միւս կողմ» անցած էր. հաստատապէս:
-Մի՛ լար,- լսեցի յանկարծ կնոջս ձայնը,- հանդարտէ: Կը զգայի, որ այս անգամ կնոջս ձայնը տարբեր ելեւէջներ ունէր:
-Նանի՛, պապիկը այսօր ֆէյսպուքահայերուն հետ միայն կը խօսի եւ ինծի հետ չ՚ուզեր խաղալ,- շարունակեց Վանան լալով ու պաղատելով եւ նոյնքան ալ դժգոհանքով:
Ականջներուս չհաւատացի: Ի՞նչ ըսաւ: Ֆէյսպուքահա՞յ: Առ՛ քեզի նոր բառ եւ նո՛ր հայութիւն: Այս ուրկէ՞ բուսաւ: Գիւտ մը: Սփիւռքահայ ըլլալս գիտէի, նոյնիսկ հալէպահայ, սակայն ֆէյսպուքահա՞յ. երբե՛ք մտքէս չէի անցուցած: Ահա՛ քեզի նոր վիճակ եւ երեւոյթ: Այս տեսակ հայը պակաս էր, ա՛յս ալ աւելցաւ: Ուրախացայ: Դէմքիս վրայ ժպիտ մը լայնցաւ: Վա՜յ աղջիկ, վա՜յ, ըսի մտովի: Սանկ ներքին զգացում մը զիս ստիպեց, որ որոշումս փոխեմ ու անմիջապէս թոռնիկիս մօտենալով` գլուխը շոյեցի եւ ապա ձեռքը բռնելով` «քալէ՜ խաղանք» մը ըսի ու նստասենեակէն դուրս ելանք:
Հիմա երկուքս ալ ուրախ էինք: Ինք ամերիկածին թոռնուհի մը, իսկ ես` ֆէյսպուքահայ պապիկ մը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
«Ազդակ-Պէյրութ»