ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՈԳԵՒՈՐ ՀՐԱԺԵՇՏԸ
Գումգաբուի ընտանիքը երէկ երեկոյեան փայլուն հանդիսութիւնով մը հրաժեշտ տուաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Աւանդական հրաժեշտի երեկոյթը տեղի ունեցաւ Պէզճեան սրահին մէջ, ուր ընթացաւարտներն ու իրենց ծնողները համախմբուեցան ընթրիքի սեղաններու շուրջ։ Ներկայ էին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սեւան Կիւրիւն, տնօրէնուհի Եղիսաբէթ Չաթանասլան, ուսուցչական կազմը եւ այլ հիւրեր։
Մայր վարժարանի շրջանաւարտները մէկ կողմէ կ՚ապրէին հրաժեշտի յուզումը, իսկ միւս կողմէ՝ կրթական կեանքէ ներս նոր հանգրուան մը ողջունելու եռանդը։ Այս զգացումներով անոնք երէկուան հանդիսութեան ընթացքին ստացան իրենց վկայականները եւ այլ յուշանուէրներ։ Ձեռնարկի յայտագրի գործադրութեան զուգահեռ տղաքը տօնական տրամադրութեան մէջ էին։ Իրենց համար կտրուած կարկանդակով յայտագրի գործադրութիւնը վերջացաւ եւ անոնք շարունակեցին հաճելի ժամանց ունենալ իրարու հետ ու վստահաբար այդ տպաւորութիւնները ապագային պիտի բնորոշեն Պէզճեան Մայր վարժարանի վերաբերեալ իրենց յուշերը։