ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ երեկոյեան, Գարակէօզեան Տան մէջ տեղի ունեցաւ դպրոցի այս տարուան շրջանաւարտներուն հրաժեշտի հանդիսութիւնը։ Ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ անցաւ երեկոյթը, որու հանդիսավարներն էին Ալեքսան Զարուքի եւ Լուսին Չաղլը։ Շնորհաւորութեան խօսքերով հանդէս եկան Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, վարժարանի տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ եւ ուսուցչուհի Մարի Արզուման։ Շրջանաւարտներուն անունով արտայայտուեցան Սէրճան Թաշքէօփրիւլիւ, Արամ Նշան Քալքթըք եւ Լարիսա Քըլըճէր։ Ներկայ էր նաեւ հիմնադրի ներկայացուցիչ Գարուն Գովան։
Տղաքը եւ իրենց ծնողները բարձր տրամադրութեամբ համախմբուած էին ընթրիքի սեղաններու շուրջ։ Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ ընթացաւարտները ստացան յուշանուէրներ։
Հանդիսութեան աւարտին շրջանաւարտներուն ի պատիւ հատուեցաւ կարկանդակ մը եւ գարակէօզեանցիները յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ առին իրենց վարժարանէն։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024