ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԷՍ
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ երեկոյեան հրաժեշտ տուաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Վարժարանի պարտէզին մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր երեկոյթին ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, ուսուցչուհի Լիզա Չաքարօղլու, Ծնողաց միութեան ատենապետուհի Ժանէթ Արծիւեան եւ Սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Անդրանիկ Քարաքուշ։
Ներկայ էին Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Աւետիս Հաճընլեան, Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն բազմաթիւ պատասխանատուներ եւ ծնողներ, որոնք ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ հետեւեցան յայտագրին։ Շրջանաւարտներուն ի պատիւ հատուեցաւ կարկանդակ մը, մինչ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ անոնց՝ ապագայի համար յաջողութեան մաղթանքով։