ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿՐԹԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԱՒԱՐՏԸ ԲՆՈՐՈՇՈՒԵՑԱՒ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐՈՎ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ 2015-2016 կրթա­կան շրջա­նի եզ­րա­փա­կիչ փու­լը բնո­րո­շուե­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ։ Դպրո­ցէն ներս տե­ղի ու­նե­ցան զա­նա­զան հան­դէս­ներ, ո­րոնք ա­մառ­նա­մու­տի փու­լին ո­գե­ւո­րու­թեան ա­ռիթ հան­դի­սա­ցան Ֆէ­րի­գիւ­ղի ամ­բողջ ըն­տա­նի­քին տե­սա­կէ­տէ։

Ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րուն ա­ւար­տա­կան հան­դէ­սի կար­գա­խօսն էր՝ «Մնաս բա­րով ման­կա­պար­տէզ»։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն ներ­կա­յու­թեամբ փոք­րիկ­նե­րը գոր­ծադ­րե­ցին ի­րենց յայ­տա­գի­րը, մինչ տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան հան­դէս ե­կաւ շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով մը։ Ա­նոնք ապ­րե­ցան ա­ռա­ջին ան­գամ վի­ճա­կա­ցոյց մը ստա­նա­լու յու­զու­մը։

Ա­ռա­ջին դա­սա­րան­նե­րու Ըն­թերց­ման տօ­նը նոյն­պէս ար­տա­սո­վոր խան­դա­վա­ռու­թեան ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ։ Հա­յե­րէն, թրքե­րէն եւ անգ­լե­րէն ե­լոյթ­նե­րով տղա­քը ար­ժա­նա­ցան ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու։ Հան­դէ­սի ա­ւար­տին ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րուն հա­մար հա­տուե­ցաւ կար­կան­դակ մը՝ քա­նի որ ա­նոնք ի­րենց կրթա­կան կեան­քի ա­ռա­ջին տա­րեշր­ջա­նը բո­լո­րե­լու ու­րա­խու­թիւ­նը կ՚ապ­րէին։ Դպրո­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը գիր­քեր ալ նուի­րե­ցին փոք­րիկ­նե­րուն ամ­րան ար­ձա­կուր­դի շրջա­նին ա­նոնց ըն­թեր­ցա­սի­րու­թիւ­նը խրա­խու­սե­լու սպա­սու­մով։

Միջ­նա­կար­գի տղա­քը ան­ցեալ շաբ­թուան տե­ւո­ղու­թեան հան­դէս ե­կան թա­տե­րա­խա­ղե­րով, խմբերգ­նե­րով, պա­րե­րով եւ ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով։ Այդ բո­լո­րը ներ­կա­յա­ցուե­ցան ան­ցեալ տա­ր-ւան տե­ւո­ղու­թեան կա­տա­րուած ար­տա­դա­սա­րա­նա­յին գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն եւ ա­կում­բա­յին աշ­խա­տանք­նե­րուն ար­դիւն­քին հի­ման վրայ։ Մէրա-մէթճեան վարժարանի միջ­նա­կար­գի բաժ­նէն ներս պար­գե­ւատ­րուե­ցան նաեւ այն ա­շա­կերտ­նե­րը, ո­րոնք ան­ցեալ կրթա­կան շրջա­նին յա­ջո­ղու­թիւն ար­ձա­նագ­րած էին զա­նա­զան մրցոյթ­նե­րու կամ մրցա­շար­քե­րու շրջագ­ծով։

Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2016