ԳԱԳԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ ԱՅԼԵՒՍ ԹՈՂԱԾ Է ԲՀԿ-Ի ՂԵԿԸ
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան (ԲՀԿ) արտահերթ համագումարը։ Այս առթիւ ելոյթով մը հանդէս եկաւ կուսակցապետ Գագիկ Ծառուկեան, որ երկրի ամենայայտնի գործարարներէն մին է։ Այս առթիւ Ծառուկեան յայտնեց, թէ կը հրաժարի կուսակցապետի պաշտօնէն ու կը հեռանայ աշխոյժ քաղաքական ասպարէզէն։ «Ես որոշում կայացուցած եմ՝ այլեւս չզբաղիլ աշխոյժ քաղաքականութեամբ, թողուլ կուսակցութեան նախագահի եւ խմբակցութեան ղեկավարի լիազօրութիւնները։ Ես ձեզմէ կը խնդրեմ այլեւս քաղաքական հարցերով ինծի չդիմել», ըսաւ ան։
Ինչպէս արդէն կը նախատեսուէր, Ծառուկեանին փոխարէն կուսակցութեան ղեկավար ընտրուեցաւ Նաիրա Զօհրապեան, որ տեղեկացուց, թէ ԲՀԿ պիտի դիրքաւորուի ընդդիմադիր դաշտէն ներս։
Միւս կողմէ, Կիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան երէկ տեղեկացուց, թէ դուրս կու գայ ԲՀԿ-ի շարքերէն։