«ՄԻՏՔ» ՀԱՐԹԱԿԸ ՎԱՂԸ ԱՌԱՒՕՏ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ ՄԸ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ

Պատ­րիար­քա­կան առ­կա­խեալ ընտ­րու­թեան խնդի­րը այս օ­րե­րուն դար­ձեալ գե­տի նման վա­րա­րած է մեր հա­մայն­քի օ­րա­կար­գին վրայ։ «Միտք» հար­թա­կին ա­նու­նով, Թա­դէոս Պէ­պէք ե­րէկ թեր­թիս յայտ­նեց, որ վա­ղը Գում­գա­բուի մէջ ցոյց մը պի­տի կա­տա­րեն հեր­թա­կան ան­գամ հա­մայն­քին ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րե­լու հա­մար այս խնդրին վրայ։  Ըստ իր փո­խան­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, «Միտք» հար­թա­կը սահ­մա­նա­փակ մաս­նա­կից­նե­րու թի­ւով ցոյց պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէ։ Ա­ռա­ւօ­տուն ցու­ցա­րար­նե­րը նախ մո­մա­վա­ռու­թիւն եւ ա­ղօթք մը պի­տի կա­տա­րեն Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, իսկ ա­ւե­լի վերջ Պատ­րիար­քա­րա­նի շէն­քին առ­ջեւ պի­տի թո­ղուն սեւ ծաղ­կեպ­սակ մը եւ հան­դէս պի­տի գան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը։

Թա­դէոս Պէ­պէք մե­զի յայտ­նեց, որ հա­մայն­քա­յին կարգ մը հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն վար­չա­յին­ներ եւս ներ­կայ պի­տի գտնուին բո­ղո­քի ցոյ­ցին։ «Միտք» հար­թա­կը չէ նա­խա­տե­սած հոծ բազ­մու­թեան մը մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ա­պա­հո­վել։ Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը կը գե­րա­դա­սեն կար­գա­պա­հու­թիւ­նը եւ ի­րենց հիմ­նա­կան նպա­տակն է մեր հա­մայն­քին ու հան­րա­յին կար­ծի­քին յի­շո­ղու­թիւ­նը թար­մաց­նել այս խնդրին շուրջ։ 

Երեքշաբթի, Յունիս 21, 2016