ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՑՈՅՑ

Այս ա­ռա­ւօտ Սուրբ Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Պատ­րիար­քա­րա­նի գտնուած փո­ղո­ցը հան­դի­սա­ցաւ ար­տա­սո­վոր ի­րա­դար­ձու­թեան մը թա­տե­րա­բե­մը։ Ինչ­պէս ե­րէկ հա­ղոր­դած էինք, «Միտք» հար­թա­կը այս ա­ռա­ւօտ ցոյց մը ի­րա­կա­նա­ցուց Գում­գա­բուի մէջ։ Այս բո­ղո­քի ա­րար­քը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ «Մեր պատ­րիար­քը կ՚ու­զենք մե՛նք ընտ­րել» կար­գա­խօ­սով։ Հարկ է նշել, որ «Սեւ­կի» փո­ղո­ցին մէջ անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րուն կող­մէ ար­տա­սո­վոր մի­ջոց­ներ ձեռք չէին առ­նուած։

«Միտք» հար­թա­կի կո­չին ան­սա­լով ցու­ցա­րար­նե­րու սա­կա­ւա­թիւ խումբ մը հա­մախմ­բուե­ցաւ Գում­գա­բուի մէջ։ Խում­բին ան­դամ­նե­րը նախ մո­մա­վա­ռու­թիւն եւ ա­ղօթք կա­տա­րե­ցին Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Ի­րենց նպա­տակն էր ա­ւե­լի վերջ Պատ­րիար­քա­րա­նի շէն­քի պա­րիսպ­նե­րուն առ­ջեւ թո­ղուլ սեւ ծաղ­կեպ­սակ մը եւ հան­դէս գալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը՝ ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րե­լու հա­մար պատ­րիար­քա­կան առ­կա­խեալ ընտ­րու­թեան խնդրին վրայ։

Մա­մու­լի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ըն­թեր­ցեց Ժագ­լին Չե­լիք։

Ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը՝ վա­ղուան թի­ւո­վ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2016