ԽԻԶԱԽՈՒԹԵԱՆ ՇՔԱՆՇԱՆ
Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան երէկ Երեւանի մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր հաւաքոյթի մը ընթացքին պարգեւատրուեցաւ «Միջազգային վարկանիշաւորման կեդրոն» ընկերութեան կողմէ։ Պատուոյ եւ խիզախութեան շքանշան մը յանձնը-ւեցաւ այս ընկերակցութեան կողմէ Յասմիկ Պօղոսեանին։ Շքանշանը յանձնեց ընկերութեան ղեկավար Ալեքսանտր Ռապինովիչ։
«Միջազգային վարկանիշաւորման կեդրոն» ընկերութեան ներկայացուցիչները երէկ այցելեցին Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւն, ուր Յասմիկ Պօղոսեանին յանձնուեցաւ յիշեալ պարգեւը։ Ալեքսանտր Ռապինովիչ ընդգծեց իգական սեռի ներկայացուցիչները պարգեւատրելու մեծագոյն պատիւը։ Ան յիշեցուց, որ սոյն շքանշանով ցարդ պարգեւատրուած են աշխարհի զանազան երկիրներէն քաղաքական դէմքեր, մշակոյթի գործիչներ եւ ուժային կառոյցներու մօտ աշխատող մարդիկ։
Պարգեւատրման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխաններէն Հայկ Պապուխանեան։
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024