ԲԱՐԵԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՎԱՃԱՌԱԿԱՆՆԵՐԸ
Վստահաբար Քարէն Եփփէն, Միս Պիւլը եւ Մարիա Ճէքըպսընը քսաներորդ դարու սկիզբը Միջին Արեւելքի մէջ լաւապէս կրցած էին օգտագործել համացանցը, յատկապէս Դիմատետրի (Facebook) էջերը, որպէսզի իրենց գործած բարիքներուն մասին աշխարհով մէկ տեղեկանք սփռէին, թէ ինչպէ՞ս իրենց աշխատանքներուն մասին այսքան առատ տեղեկանք փոխանցուած եւ իրենց մասին հաստափոր մատեաններ հրապարակուած պիտի ըլլային:
Հաւանաբար Միս Եփփէի հայ որբերուն ու այրիներուն տուած օժանդակութիւններուն վերաբերեալ Դիմատետրին մէջ զետեղուած նկարները մեծաթիւ հաւանութիւններ (like) ստացան օրին: Հեռու չէ, որ Միս Եփփէն եւ Մարիա Ճէքըպսընը կը մրցէին, թէ իրենց կատարած բարեգործութիւններուն մասին ո՛վ աւելի շատ նկար պիտի տեղադրէ Դիմատետրի իր էջին վրայ:
Բայց կը զարմանամ, թէ անոնք ինչպէ՛ս նման վերաբերմունք ցուցաբերած էին, որովհետեւ ինչքան գիտեմ անոնք քրիստոնեայ հաւատացեալ մարդիկ էին եւ լաւ գիտէին Յիսուս Քրիստոսի այն խօսքը, որ կ՚ըսէ թէ աջ ձեռքիդ կատարած բարիքին մասին ձախը պէտք չէ իմանայ…
Բարիք գործելու զգացումէն ստացուած հաճոյքին մասին միայն գործողները կրնան իմանալ: Բարիք ստացողին աչքերով արտայայտուած շնորհակալական զգացումները եւ ժպիտով արձակուած շողերը բաւարար են սիրտդ երջանկացնող զգացումներով պարուրելու համար:
Սակայն վերջերս այս բարի զգացումը անբաւարար դարձած է բարիք գործողներուն համար, որոնք սկսած են նախընտրել բարեգործութեան պահը ամրագրող՝ Դիմատետրի էջերուն վրայ զետեղուած նկարներուն ներքեւ աւելցող հաւանութիւն (like) խորհրդանշող թիւերը եւ կեղծիքներով ու շողոքորթութիւններով զարդարուած մեկնաբանութիւնները (comment):
Միւս կողմէն մեծ յարգանք ու ակնածանք հարկաւոր է յայտնել բարեսիրական իսկական գործ ծաւալող այն կողմերուն, որոնք ամենայն բծախնդրութեամբ կը մօտենան մարդասիրական այս զգայուն աշխատանքին, կը գործեն լուսարձակներէ հեռու եւ դուրս չեն գար իրենց առաքելութենէն:
Թէեւ քարոզչութիւնը կարեւոր գործ է, սակայն իր բնագաւառներն ունի, լրատը-ւութիւնը իր ընկալեալ կարգը ունի, իսկ լրագրութիւնը՝ իր կանոնները:
Մարդասիրական սխրագործութիւններուն, բարեգործութիւններուն ու ծառայութիւններուն մասին կարելի չէ այսքան բացայայտ քարոզչութիւն կատարել: Կարելի չէ բարիք գործողը աժան քարոզչութեամբ ի՛նք խօսի իր կատարած բարիքներուն մասին: Կարելի չէ նուաստացնել կատարուած բարիքէն օգտուողը, կարելի չէ անոր խեղճացած նկարը օգտագործել բարեգործողին կեղծ փառաբանութեան հաշւոյն:
Բարեգործութիւնը կարելի չէ վաճառականութիւն դարձնել:
Թերեւս ուշ չըլլայ սրբագրութեան համար:
ՄԱՐԻԱ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ
«Ապագայ»