ՀԱՄԱՏԵՂ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Երուսաղէմ։ Այս շրջագծով ան հիւրընկալուեցաւ Իսրայէլի Նախագահ Ռէուվէն Ռիվլինի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահական ապարանքին մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին Ռիվլին ողջունեց Եդուարդ Նալպանտեանը, կարեւորելով անոր այցելութիւնը։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ այս այցը պիտի նպաստէ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման։
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ընդգծեց, որ հայ եւ հրեայ ժողովուրդները շաղկապուած են հազարամեակներու բարեկամութեան աւանդութիւններով, ինչ որ լաւ հիմք մը կը ստեղծէ՝ միջպետական յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման նպատակով։
Ռէուվէն Ռիվլին եւ Եդուարդ Նալպանտեան կարեւորեցին քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացումը, ինչ որ, իրենց համոզմամբ, հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ ընդլայնելու Հայաստան-Իսրայէլ համագործակցութիւնը նաեւ այլ բնագաւառներէ ներս։
Տեսակցութեան ընթացքին կողմերը համակարծիք գտնուեցան, թէ հայ եւ հրեայ ժողովուրդները համատեղ պատասխանատուութիւն կը կրեն՝ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ։
Ծանօթ է, որ Ռէուվէն Ռիվլին նոր կոչուած է այս պաշտօնին։ Նախագահական պաշտօնը ստանձնելէ վերջ ան միջազգային հանրութեան առջեւ անդրադարձած էր հայկական հարցին, այս ծիրէն ներս մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձած էր ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ունեցած ելոյթը։