ԺԱՆ ՏԵՎԼԵԹՕՂԼՈՒԻ ԳԻՐՔԸ
Բազմավաստակ լրագրող Ժան Տեվլեթօղլու, որու կենսագրութեան մաս կը կազմէ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, հրատարակեց յուշագրական հատոր մը՝ «İyi Kötü Ermeni» խորագրով։ Ան յետադարձ հայեացք մը կը նետէ իր անցեալին ու կը պատմէ մանկութենէն մինչեւ այսօր ինքնութեան փնտռտուքը՝ Թուրքիոյ եւ Անգլիոյ մէջ։
Ժան Տեվլեթօղլու կը նշէ, թէ կեանքին ընթացքին միշտ փորձած է ապացուցել, որ կը պատկանի մեծամասնութեան, սակայն ապրած է տխուր եւ տարօրինակ դէպքեր, հանդիրած դժուարութիւններու, խտրական վերաբերմունքի եւ այս բոլորը ահա ողբերգա-երգիծական ոճով մը կը փոխանցէ ընթերցողներուն։
Գիրքին մէկ հատուածը կը վերաբերի 1915-ի Մեծ Եղեռնին։ Ան հատորին մէջ տեղադրած է իր հօր տարագրութեան օրագրութիւնը, զոր յայտնաբերած է վերջինիս մահէն ետք։
Գիրքը հրատարակած է «Տողան» հրատարակչութիւնը։