ԱՅՑ՝ ԱՌԱՋԻՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԵՐԿԻՐ
Հայաստանն ու համայն հայութիւնը ցնծութեամբ կը սպասեն վաղուան, երբ աշխարհի առաջին քրիստոնէական երկիր ոտք պիտի դնէ Հռոմի Սրբազան Պապը: Անոր այցելութեան կը սպասեն ո՛չ միայն Հայաստանը, ո՛չ միայն աշխարհասփիւռ հայութիւնը, այլ նաեւ՝ ողջ հաւատացեալ աշխարհը, որ Սրբազան Քահանայապետի պատգամներուն, խօսքերուն եւ քայլերուն կը հետեւի բիբլիական երկրէն՝ Հայաստանէն:
«Աղօթեցէք ինծի համար». օրեր առաջ հանդիպման մը ժամանակ այսպէս դիմած է Հռոմի Ֆրանսիսքոս Պապը՝ ըսելով, թէ որպէս ուխտաւոր պիտի մեկնի դէպի Արեւելք, Հայաստան՝ Յիսուսի Աւետիսը առաջինն ընդունած երկիրը: Ի սկզբանէ նախատեսուած էր Սրբազան Պապի՝ տարածքաշրջանային այցը, սակայն յետոյ այդ ծրագիրը փոխուեցաւ, եւ Պապը Հայաստանը նախընտրեց եւ առանձին այցելութիւն մը պիտի կատարէ դէպի համայն հայութեան հայրենիք: Ֆրանսիսքոս Սրբազան Պապը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ երկրորդ առաջնորդն է, որ կ՚այցելէ Հայաստան: 2001 թուականի Սեպտեմբերին Երեւան ժամանած էր Հռոմի Յովհաննէս-Պօղոս Բ Պապը՝ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման 1700-ամեակի տօնակատարութիւններուն մասնակցելու նպատակով:
Հռոմի Ֆրանսիսքոս Պապին այցէն ամիսներ առաջ, երբ յայտարարուեցաւ անոր հայաստանեան այցելութեան մասին, կրկին միջազգային ուշադրութիւնը սեւեռուեցաւ Հայաստանի վրայ:
Միջազգային հարթակներու վրայ զանազան քննարկումներու նիւթ դարձաւ Հռոմի Սրբազան Պապին այցը: Շատեր նշեցին, որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քահանայապետին այս այցելութիւնը նախ եւ առաջ ուխտագնացութիւն մըն է եւ Պապի սիրոյ եւ հիացումի դրսեւորումը՝ քրիստոնեայ հնագոյն եկեղեցւոյ նկատմամբ, որ ունի քրիստոնէական դարաւոր աւանդութիւնններ եւ հերոսական պատմութիւն մը:
Նոյնինքն այս այցը, տարի մը առաջ, Վատիկանի մէջ Հռոմի Պապին կողմէ մատուցուած Սուրբ Պատարագի խորհուրդին շարունակութիւնն է, որ նոյնպէս իր մէջ պատգամ մը կը պարունակէ՝ աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրել մշակոյթներու խաչմերուկին ապրող ժողովուրդի մը վրայ, որ ունի Խորհրդային Միութենէն անկախանալու միայն քսանհինգ տարուան պատմութիւն եւ մեծ ճիգեր՝ հասնելու աշխարհի ժամանակակից զարգացումներուն:
Կարեւոր հանգամանք մը եւս քննարկուեցաւ Հռոմի Սրբազան Պապի այցելութեան առընթեր. հակառակ որ Հայաստանը չունի մեծաթիւ կաթողիկէ համայնք, սակայն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ անցեալի ու ներկայի յարաբերութիւնները միշտ ալ բարեկամական ու սերտ եղած են: Հռոմի Պապին այցելութիւնը վստահաբար, առաւել եւս պիտի ամրապնդէ երկու եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող կապերը: Նոյն այդ խորհուրդը կը կրէ նաեւ Հռոմի Պապի հայաստանեան այցի տարբերանշանը, որուն մանիշակագոյնն ու դեղինը կ՚արտացոլացնեն Հայ Առաքելական եւ Հռոմի Կաթողիկէ եկեղեցիներու պաշտօնական գոյները: Տարբերանշանին մէջ նաեւ ներառուած են երկու եկեղեցիներու զինանշանները: Իսկ տարբերանշանի հիմքին մէջ Խոր Վիրապի վանքին եւ բիբլիական Արարատ լերան պատկերը կան. «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը շուրջ տասներեք տարի բանտարկուած է Արտաշատի վիրապին մէջ, որուն վրայ հետագային կառուցուած է սոյն վանքը: Այնուհետեւ Ս. Գրիգորը դարձած է հայոց ազգի առաջին Հայրապետը եւ Տրդատ Գ. Մեծ թագաւորին հետ համատեղ ջանքերով քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ հռչակուած է պետական կրօնք», ըսուած է տարբերանշանի նկարագրութեան մէջ:
Մամուլը արդէն կը գրէ, որ Հռոմի Պապը երկիր մը կ՚այցելէ, որու ժողովուրդին հետ ան ամուր կապեր հաստատած է տակաւին Պուէնոս Այրէսի արքեպիսկոպոս եղած ժամանակ, քանի որ Պուէնոս Այրէսի մէջ հայկական մեծաթիւ համայնք գոյութիւն ունի:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԸՆԴՈՒՆԻԼ ՊԱՊԸ
«Այցելութիւն առաջին քրիստոնեայ երկիր» խորագիրը կրող Սրբազան Պապին հայաստանեան այցելութիւնը պիտի սկսի Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանէն, ուր տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական դիմաւորման արարողութիւն, որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը պիտի մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, մինչեւ Սրբազան Քահանայապետի ժամանումը, Մայր տաճարի որմնանկարները արդէն ստացած են իրենց նախնական փայլը: Հսկայ աշխատակազմ մը օրեր շարունակ փայլեցուցած է տաճարի որմնանկարները, որպէսզի առաւել հանդիսաւոր ըլլայ Պապի մուտքը՝ Մայր Տաճար: Ըստ արարողակարգի, Հռոմի Պապը, մտնելով եկեղեցի՝ նախ կը խոնարհի սրբութիւններուն առջեւ, որմէ ետք Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Սրբազան Քահանայապետը կը բարձրանան սուրբ խորան: Անոնք կ՚ողջագուրուին ու կ՚աղօթեն միասին:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, Յունիսի 24-ին, եկեղեցւոյ զաւակները կը հրաւիրէ մասնակցելու Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Պապի բարի գալստեան` «Հրաշափառ»ի արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ ժամը 15.35-ին (տեղական ժամով): Հաւատացեալ ժողովուրդին համար ազատ է մուտքը Սուրբ Էջմիածին:
Կրօնական հանդիպումին կը յաջորդէ աշխարհիկը։ Նոյն օրը երեկոյեան, Սրբազան Քահանայապետը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Նախագահ Սերժ Սարգիսեանին, ապա՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն, հասարակութեան եւ դիւանագիտական կազմի ներկայացուցիչներուն հետ: Այցելութեան առաջին օրը պիտի ամփոփուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսիսքոս Սրբազան Պապի եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիպումով:
2015 թուականի Ապրիլի 12-ին Հռոմի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, Սրբազան Պապը խօսած է Մեծ Եղեռնի մասին: Մէկ տարի անց Սրբազան Քահանայապետը 1915-ի նահատակներու յիշատակին առջեւ կը խոնարհի արդէն Երեւանի մէջ: Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ կը հնչէ բարեխօսական աղօթք: Պապը նաեւ թանգարան պիտի այցելէ: Յունիսի 25-ը Սրբազան Պապի օրակարգին մէջ ամենէն յագեցածն է։ Ծիծեռնակաբերդէն ետք ան Ամենայն Հայոց Հայրապետին հետ պիտի մեկնի Կիւմրի, ուր Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Վարդանանց հրապարակին վրայ: Վարդանանց հրապարակը նոյնպէս այցելութենէն օրեր առաջ յաւուր պատշաճի կարգի դրուած է: Ֆրանսիսքոս Պապը Կիւմրիի մէջ պատարագը կը մատուցէ լատինական ծէսով: Պատարագին մասնակցելու համար արձանագրումը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին սկսած է այցէն տակաւին շաբաթներ առաջ: Բազմահազար բազմութիւն գրանցուած է՝ ներկայ գտնուելու այդ բացառիկ արարողութեան: Ինչպէս կը տեղեկանանք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դիւանէն՝ ամենափոքր կէտ նախապէս ծրագրուած եւ նկատի առնուած է: Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին անընդհատ կապի մէջ է Վատիկանի եւ Էջմիածնի հետ, տեղւոյն վրայ կան պատուիրակներ, որոնք կ՚աշխատին Կիւմրիի մէջ: Կիւմրին միակ վայրն է, ուր Պոնտիֆիկոսը կը շրջի պապի յատուկ ինքնաշարժով (փափամոպիլ): Հայաստանի մէջ հայ կաթողիկէները հիմնականը կը բնակին Շիրակի մարզին մէջ: Կիւմրիի մէջ կը գտնուի Հայաստանի, Ռուսաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ առաջնորդանիստ եկեղեցին:
Կիւմրիի մէջ Հռոմի Պապը նաեւ պիտի այցելէ Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան «Տիրամայր Հայաստան» կուսանոցը, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ Շիրակի Թեմի առաջնորդանիստ Եօթ Վէրք Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ Սրբոց Նահատակաց հայ կաթողիկէ մայր տաճարը: Ըստ արարողակարգի, Սրբազան Պապը կը խոնարհի Շիրակի Թեմի առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ սրբապատկերին առջեւ: Եւ կրկին ըստ արարողակարգի, Եօթ Վէրք Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կ՚աղօթէ ու կը շրջի թեմի առաջնորդի ուղեկցութեամբ:
Նոյն օրը երեկոյեան Երեւանի մէջ՝ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ էքիւմենիք արարողութիւն եւ Խաղաղութեան աղօթք: Այստեղ կը սպասուի ամենէն մարդաշատ միջոցառման: Հրապարակը այցէն օրեր առաջ արդէն տօնական տեսք ստացած է:
Յունիսի 26-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում մը պիտի ունենայ Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն հետ, պիտի մասնակցի Ս. Պատարագի արարողութեան եւ էքիւմենիք ճաշկերոյթին` Ամենայն Հայոց Հայրապետին, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսներուն եւ եպիսկոպոսներուն, Հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոսներուն եւ եպիսկոպոսներուն ու պապական պատուիրակութեան հետ: Ապա Պապը հանդիպում մը պիտի ունենայ Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակներուն եւ բարերարներուն հետ:
Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Պապը եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը պիտի ստորագրեն միացեալ յայտարարութիւն մը: Հովուապետները նաեւ աղօթք պիտի մատուցեն Խոր Վիրապի վանքին մէջ: Ըստ աւանդութեան՝ 6.5 մեթր խորութեամբ եւ ընդամէնը 4.5 մեթր տրամագիծով այս փոսին մէջ տասնչորս տարի անցուցած է Գրիգոր Լուսաւորիչը: Անոր՝ այստեղէն դուրս գալէն յետոյ քրիստոնէութիւնը հայերու համար դարձած է պետական կրօնք: Եւ նոյնինքն այս խորհրդանշական վայրն է Հռոմի Պապի վերջին կանգառը Հայաստանի մէջ: Անոր այցը՝ քրիստոնէութիւնը ընդունած առաջին երկիր իր աւարտին կը հասնի Խոր Վիրապի մէջ:
Նոյն օրը Ֆրանսիսքոս Պապը Երեւանէն պիտի մեկնի Հռոմ:
Պապի եռօրեայ այցելութիւնը պիտի լուսաբանուի հայաստանեան եւ միջազգային մամուլով՝ անգամ մը եւս Հայաստանի անունը կը յայտնուի միջազգային մամուլի առաջին էջերուն վրայ: Պապի այցը լուսաբանելու համար միայն Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ հաւատարմագրուած է վեցհարիւր լրագրող: Բազմաթիւ լրագրողներ ալ Հայաստան կու գան վատիկանեան պատուիրակութեան հետ: Հայաստանի մէջ, բոլոր արարողութիւններու ժամանակ անգամ մը եւս կը շեշտուի այն իրողութիւնը, թէ 2016 թուականը Ֆրանսիսքոս Պապը հռչակած է արտակարգ ողորմածութեան տարի (Extraordinary Jubilee of Mercy), եւ այդ յոբելենական տարուան մէջ ան կատարած է իր այցը առաջին քրիստոնեայ երկիր:
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024