Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ՀՐԱՒԷՐ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Թուրքիա հրաւիրուած է Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան (ՍԾՏՀԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին, որ Յուլիսի 1-ին տեղի պիտի ունենայ Սոչիի մէջ։
Ամիսներէ ի վեր Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ առկայ է լարուածութիւն մը, իսկ վերջին շրջանին կողմերը փոխադարձաբար կու տան ազդանշաններ՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ։ Այս մթնոլորտին մէջ ընքացիկ քայլերը կաղացումներէ զերծ պահելու ջանքերուն կը վերագրուի արտասովոր նշանակութիւն եւ այդ բոլորը կը մեկնաբանուին որպէս քաղաքական կամք։
Շաբաթ, Յունիս 25, 2016